Չհասկցանք, Թէ Ինչ Պատճառով Ասիկա Կրնայ Իրականացուիլ Առանց Սփիւռքի Հետ Խորհրդակցութեան․ Մուրատ Փափազեան՝ Սփիւռքի Նախարարութեան Հնարաւոր Լուծարման Մասին

Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի մէջ հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի խօսքով՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է յաջողցնել, որպէսզի անոնք ծնունդ տան համահայկական ռազմավարական ուժ մը: Ան նշեց՝ ատիկա «Դաշնակցութեան» քաղաքական հայեցակարգն է: Այս մասին կը հաղորդէ
Tert.am-ը

«Հայաստանի եւ Սփիւռքի միասնականութիւնը մեր գլխաւոր աղբիւրն է: Զօրացնել Սփիւռքը, զօրացնել Հայաստանը, զօրացնել Հայաստան-Սփիւռք իրականութիւնը, որպէսզի դառնայ մէկ միաւոր, որպէսզի վերջապէս իրականութիւն դառնայ «Դաշնակցութեան»՝ «մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ» տեսլականը: Համոզուած չեմ, որ լուծարելով Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ դրական նպատակի կը հասնինք»,- ըսած է Մուրատ Փափազեան, կարծիք յայտնելով ՀՀհ կառավարութեան կողմէ Սփիւռքի նախարարութեան հնարաւոր լուծարման վերաբերեալ։

Անոր խօսքով՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ կայ երկխօսութեան, մտքերու փոխանակման կարիք, կայ նաեւ կարիք, որ Սփիւռքի կողմէ հասկնալի դառնայ, թէ ուր կը տանի Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանը: Պէտք է համաձայնիլ, որ Սփիւռքն ալ պէտք է առիթ ունենայ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացնելու իր 100 տարուան պատմութեան ճամբորդութիւնը, այսօրուան եւ վաղուան հրամայականները, նպատակները, ռազմավարութիւնը:

Փափազեան նկատած է, որ ճիշդ է, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նշանակուած Սփիւռքի նախարարը շատ չէ հետաքրքրուած Սփիւռքով: «Ֆրանսայի օրինակը շատ հետաքրքրական է: Երբ եկաւ Ֆրանսա, չդիմեց գոյութիւն ունեցող հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF), որ պաշտօնապէս կը ներկայացնէ հայկական կազմակերպութիւնները թէ՛ ֆրանսական, թէ՛ հայկական կառավարութիւններուն մօտ:

Արդեօ՞ք նախարարի եզրայանգումներուն հիման վրայ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է լուծարել Սփիւռքի նախարարութիւնը: Չհասկցանք որոշումին իմաստը, չհասկցանք այդ որոշումին առաւելութիւնը: Չհասկցանք նաեւ, թէ ինչ պատճառով այս որոշումը կրնայ իրականացուիլ առանց Սփիւռքի հետ խորհրդակցութեան»,- ըսած է ան:

Վերջինս կոչ ըրած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին, որ նկատի ունենայ բոլոր տարբերութիւնները իբրեւ հարստութիւն՝ ի նպաստ ժողովուրդի, երկրի եւ ազգի: «Այսօր համաձայնինք, որ յեղափոխութիւնը պէտք է շարունակուի՝  երկիրը տանելով դէպի ժողովրդավարութիւն, այսինքն՝ դէպի բոլոր տարբերութիւններու նկատմամբ յարգանք եւ զարգացում: Պէտք չէ ուրախանանք, որ  ընտրութիւնները աւարտեցան ստալինեան արդիւնքներով: Ընդունինք նաեւ, որ դրական չէ երկրի համար խորհրդարանանին մէջ ընդդիմութիւն չունենալը: Յետյեղափոխական մթնոլորտը շատ բնական է, որուն երկրորդեց Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր դաշինքի յաղթանակը: Այս մթնոլորտին մէջ ընդդիմութեան գաղափարը, բնականաբար, վարկաբեկուած է»,- ըսած է ան։

Ըստ Մուրատ Փափազեանի՝ այդ մթնոլորտին մէջ «Դաշնակցութիւնը» որոշած է ստանձնել ընդդիմադիր կուսակցութեան դերը: ««Դաշնակցութիւնը», այո՛, քաջ կուսակցութիւն է: Բայց այդ որոշումը փակեց իր առջեւ դռները»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ եթէ «Դաշնակցութիւնը» ըլլար, շատ աւելի դրական պիտի ըլլար Հայաստանի պատկերը միջազգային հարթակի վրայ:

«Պայքարը երկրի ժողովրդավարացման համար շատ կարեւոր է ապագայի համար: Պէտք է այդ պայքարը քաջութեամբ շարունակել, դժբախտաբար, խորհրդարանէն դուրս: Պէտք չէ սխալիլ․ ի նպաստ Հայաստանի շահերուն պէտք է պայքարինք։ Պէտք է ոչ միայն ընդունիլ, այլ նաեւ քաջալերել իւրաքանչիւր ընդդիմութեան կազմաւորում, որ փաստօրէն պիտի ներկայացուի «Դաշնակցութեան» շուրջ: Նիկոլ Փաշինեանի ջախջախիչ յաղթանակը իրեն պիտի տայ շատ կարեւոր պատասխանատւութիւններ, մեծ յոյսեր եւ մտահոգութիւններ:

Այսօրուան պատմական առիթը, որ ունի վարչապետը, պարտաւոր է վերածելու յաջողութեան: Երկու անգամ չի կրնար ըլլալ նման պատմական առիթը: Հետեւաբար, առիթ կայ կեդրոնանալու երկրի, ժողովուրդի եւ ազգի առաջնահերթութիւններուն շուրջ: Պէտք է փայլուն ապագայ ապահովենք միասին եւ պէտք է ամբողջովին ոչնչացնել սեւ անցեալի սատանաները»,- ըսած է ան: