ՄԻՊ-ը Յայտարարութիւն Տարածած է Մանուէլ Գրիգորեանի Գործով Ստեղծուած Իրավիճակին Առիթով

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան դիրքորոշում յայտնած է Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի գործով ստեղծուած իրավիճակին առիթով: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՝ըսուի.

«Իւրաքանչիւր քրէական գործով արդար դատաքննութեան երաշխաւորման հրամայականը կը պահանջէ դատարանի լիարժէք անկախութիւն ու փաստաբանի պաշտպանուած մասնագիտական աշխատանք:

1.Խիստ մտահոգիչ են Մանուէլ Գրիգորեանի գործով որոշում կայացուցած դատաւորի՝ Դաւիթ Բալայեանի, Մանուէլ Գրիգորեանի փաստաբաններուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն հասցէին հասարակական ցանցերու մէջ հնչող ատելութեան խօսքն ու անոնց արժանապատւութիւնը վիրաւորող արձանագրութիւնները, սպառնալիքներն ու անգամ բռնութեան կոչերը: Աւելին, դիտարկումը կը վկայէ, որ այդ մեկնաբանութիւններն ու արձանագրութիւնները կը դրսեւորեն աճի միտումներ:

2.Դատական արդիւնաւէտ իշխանութիւնը կը պահանջէ դատարանի եւ դատաւորի լիարժէք անկախութիւն: Այս բարձր արժէքը երաշխաւորուած է մեր երկրի Սահմանադրութեամբ ու միջազգային պարտաւորութիւններով: Ատիկա կը նշանակէ անկախութիւն ինչպէս օրէնսդիրէն ու գործադիրէն, իւրաքանչիւր այլ մարմինէ կամ պաշտօնատար անձէ, այնպէս ալ միջամտութեան բացարձակ արգելք անկէ դուրս ոեւէ այլ մէկէն կամ անձէ: Ատիկա նաեւ կը նշանակէ դատարանի անկախութիւն ու անկողմնակալ վերաբերմունք՝ անկախ քննուող գործի բնոյթէն կամ այդ գործով քրէական հետապնդման ենթարկուող անձի հանրային հեղինակութենէն կամ անոր վարկին վերաբերեալ հանրային պատկերացումներէն:

3.Դատաւորին կողմէ քննուող գործը կամ անոր քննութեան ներկայացուած հարցը միշտ յստակ է, որուն լուծումը պէտք է տայ ինքը դատարանը՝ հիմք ընդունելով նոյն այդ յստակ գործին հանգամանքները:

4.Ստեղծուած իրավիճակը յատկապէս խնդրահարոյց է այն պատճառով, որ դեռ առկայ չէ գործը ըստ էութեան լուծող, այսինքն՝ Մանուէլ Գրիգորեանին մեղսագրուող, անոր կողմէ ենթադրաբար կատարուած յանցանքներու մէջ անոր մեղաւորութեան հարցը որոշող դատական ակտ: Ասիկա կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր ազդեցութիւն կրնայ վտանգել անձի արդիւնաւէտ դատարանի իրաւունքը, որն ալ կ՝ըլլայ դատարանի անկախութեան խաթարման հետեւանք՝ վտանգելով արդար դատաքննութեան հիմնարար իրաւունքի իրացումը:

5.Պէտք է յատուկ արձանագրել, որ քրէական վարոյթի մինչդատական փուլերուն գործին վերաբերող ապացոյցները կամ միւս նութերը հանրութեան համար ունին սահմանափակ հասանելիութիւն՝ ի տարբերութիւն նախաքննութեան աւարտէն ետք դատարանին կողմէ հրապարակայնութեան պայմաններու մէջ գործի ըստ էութեան քննութեան: Այս կանոնը մինչդատական փուլերուն մէջ կը գործէ նաեւ այն ապացոյցներու եւ նիւթերու հասանելիութեան նկատմամբ, որոնք մեղադրանքի եւ պաշտպանութեան կողմերը կը ներկայացնեն դատարանի քննութեան: Հետեւաբար, կը խնդրեմ նկատի ունենալ, որ քրէական վարոյթի մինչդատական փուլերուն հանրութեան համար առկայ չէ գործի հանգամանքներուն մասին ամբողջական պատկերացում կազմելու առարկայական հնարաւորութիւն: Նշուածը կը բխի քրէադատավարական գործող օրէնսդրութեան պահանջներէն:

6.Ստեղծուած իրավիճակը խնդրահարոյց է նաեւ փաստաբաններու մասնագիտական անկաշկանդ աշխատանքի տեսանկիւնէն: Այդ մասին կը վկայեն հասարակական լրատուամիջոցներու մէջ փաստաբաններուն ուղղուած ատելութեան խօսքը, վիրաւորական մեկնաբանութիւններն ու սպառնալիքները:

7.Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, որ փաստաբանը կը ներկայացնէ ու կը պաշտպանէ անձ մը, որուն պետութիւնը կը կասկածի կամ կը մեղադրէ յստակ, բայց ենթադրեալ յանցանքի կատարման մէջ։ Փաստաբանին առաքելութիւնն է այդ անձին համար քրէական վարոյթի ընթացքին ապահովել որակեալ իրաւաբանական օգնութիւն, իրաւական պատշաճ պաշտպանութիւն մեղադրանքէն։ Ասիկա որեւէ կերպ չի նշանակեր, թէ փաստաբանը կ՝արդարացնէ յանցագործութիւնները կամ կ՝ապահովէ անպատժելիութիւն։ Փաստաբանի մասնագիտական գործունէութիւնը ուղղուած է հնարաւոր ապօրինի հետապնդումէ կամ ապօրինի ազատազրկումէ իւրաքանչիւրի պաշտպանութեան։

8.Կը կրկնեմ եւս մէկ անգամ, որ միջազգային իրաւաբանութիւնը, ներառեալ՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախադէպային իրաւունքը մեծ պատասխանատւութիւն կը դնէ պետութիւններու վրայ նման իրավիճակներ չարտօնելու համար: Անգամ, եթէ պետութիւնը ի՛նքը չէ նպաստած հասարակական կանխակալ ընկալումներու, ատոր իբրեւ արդիւնք դատարանի ու փաստաբաններու նկատմամբ ճնշման ձեւաւորման,  միեւնոյնն է՝ այդպիսի իրավիճակի պարագային պարտաւոր է համապատասխան մարմիններու միջոցով գործադրել առաւելագոյն ջանքեր իրավիճակը մեղմելու, դատական իշխանութեան անկախութեան բարձր արժէքի երաշխաւորումը, ինչպէս նաեւ փաստաբաններու անխոչընդոտ մասնագիտական աշխատանքը ապահովելու ուղղութեամբ։ Ատիկա անհրաժեշտ է ընել մեկնելով այն նկատառումէն, որ նման իրավիճակները կրնան ձեւաւորել դատական իշխանութեան անկախութեան միջամտութեան վտանգաւոր նախադէպ»: