ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի Հանդիպումը Յունաստանի Մէջ ՀՀ Դեսպանի Հետ
ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, Դեկտեմբեր 19-ին, այցելութիւն տուաւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Ֆատէյ Չարչօղլեանին։
Զրոյցին առարկայ դարձան Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ գործակցութեան վերաբերեալ հարցեր, յառաջիկայ ծրագիրներու եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններու յետագայ քննարկումներ։ Շեշտուեցաւ Հայ Դատի եւ Արցախի կապակցուած հարցերու աշխատանքներուն մէջ՝ ծաւալուն ու հետեւողական գործի կիրարկումը։ Լայն անդրադարձ կատարուեցաւ հայրենիքի ներկայ ընկերային ու տնտեսական զարգացման պայմաններուն եւ անոնց հեռանկարներուն։ Պրն. դեսպանը գնահատանքով նշեց յունահայ համայնքի հետեւողական ու ծանրակշիռ աշխատանքը, կարեւորելով անոր դերակատարութիւնը Հայաստան-Յունաստան յարաբերութիւններու հեզասահ զարգացման մէջ։ Որոշուեցաւ յաճախակի պահել նման հանդիպումներու պարբերականութիւնը՝ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ հարցերու հետապնդումը՝ համակարգուած ու ազդեցիկ պահելու նպատակով։
