Հայրենադարձ Սփիւռքահայերու Բողոքի Ցոյցը Սփիւռքի Նախարարութեան Լուծարման Դէմ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստան հաստատուած սուրիահայեր, ինչպէս նաեւ այլ հայրենադարձներ, ցոյց  կ՝իրականացնեն Սփիւռքի նախարարութեան շէնքին դիմաց: Անոնք դէմ են Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ցոյցի մասնակիցները կը նշեն, որ Հայաստանը ոչ բոլոր երկիրներուն մէջ ունի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, բայց Սփիւռքի նախարարութիւնը կապի մէջ եղած է բազմաթիւ երկիրներու հայ համայնքներուն հետ, անոնց ձայնը լսելի դարձուցած Հայրենիքի մէջ: Բացի այդ, Սփիւռքի նախարարութիւնը կառավարութեան մէջ հանդէս եկած է տարբեր առաջարկներով, որոնց իբրեւ արդիւնք կարգաւորուած կամ դիւրացուած են Հայաստանի մէջ հաստատուած սփիւռքահայերու հետ կապուած հարցերը: Անոնք մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ Սփիւռքի նախարարութեան մինչեւ այժմ կատարած զգալի աշխատանքը զերօ կը դառնայ: Ատիկա այն պարագային, երբ Հայաստանէն դուրս մեծ թիւով հայեր կ՝ապրին: Ցոյցին մասնակիցները մտադիր են իրենց մտահոգութիւնները նամակի տեսքով ներկայացնելու ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարին:

Նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներ՝ ցոյցի մասնակիցներուն հետ ուղեւորուած են ՀՀ կառավարութիւն՝ նամակը փոխանցելու: Կառավարութեան շէնքին մօտ՝ ցոյցի մասնակիցներուն մօտեցած է ՀՀ կառավարութեան քաղաքացիներու ընդունելութեան եւ դիմումներու քննարկման վարչութեան պետ Ալեքսանդր Ղազարեանը եւ ընդունած է նամակը: