Ատրպէյճանագէտը Մամետիարովի Յայտարարութիւնը Սադրիչ ու Ապակառուցողական Կ՝որակէ

Աշխարհ, Հայաստան

2019-ին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հարցով էական փոփոխութիւնը քիչ հաւանական է: Ըստ armenpress.am-ի՝ այսօր կայացած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին, ատրպէյճանագէտ Տարօն Յովհաննիսեան նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները նոր են, եւ դեռ ընթացքի մէջ է բանակցային գործընթացի ուսումնասիրութիւնը:

«Այսինքն՝ մենք դեռ բուն բանակցութիւններուն չենք հասած: 2019-ի միակ քննարկումները ուղղուած պիտի ըլլան սահմանին լարուածութիւնը նուազեցնելուն: Ես կը կարծեմ, որ հայկական կողմը պէտք է շարունակէ իր դիրքորոշումը Արցախը բանակցային սեղանին շուրջ վերադարձնելու հարցի հետ կապուած, այնինչ Ատրպէյճանը կը փորձէ շրջանցել այդ հարցը»,- ըսած է Տարօն Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետիարովի արցախահայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու եւ անոնց բարձր մակարդակի ինքնակառավարման իրաւունք տալու մասին յայտարարութեան՝ ատրպէյճանագէտը նշած է, որ ատիկա ապակառուցողական մօտեցում է եւ կը կրէ սադրիչ բնոյթ:

«Նման յայտարարութիւնները նորութիւն չեն, նախապէս եւս բազմիցս եղած են: Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի ըլլալու հարցը առհասարակ քննարկման թեմա չէ: Այն, որ Մամետիարովը կ՝ըսէ պիտի վերաբերինք այնպէս, ինչպէս միւս փոքրամասնութիւններուն, ես կը կարծեմ, որ հերթական սադրիչ յայտարարութիւն է: Մենք յստակ կրնանք ըսել, որ իրենց մօտ որեւէ փոքրամասնութիւն որեւէ իրաւունքէ չ՝օգտուիր, ալ չենք խօսիր անոնց անվտանգութեան խնդիրին մասին: Բոլոր փոքրամասնութիւններուն միշտ ճնշած են: Ինչ կը վերաբերի հայերուն՝ մենք տեսած ենք Արցախի հանդէպ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը, Նախիջեւանի հայաթափումը, Սումգայիթի, Պաքուի ջարդերը:  Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ ամենաբարձր կարգավիճակի պարագային Արցախի բնակչութեան վտանգ պիտի չսպառնայ»,- ըսած է ատրպէյճանագէտը: