ԱՄՆ-ի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ ԱՄՆ Քոնկրէսի Հայկական Հարցերու Յանձնախումբի Անդամ Պրէտ Շերմընը Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, Դեկտեմբեր 20-ին, հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆ Քոնկրէսի Հայկական հարցերու յանձնախումբի անդամ Պրէտ Շերմընի հետ (Brad Sherman): ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն կը փոխանցեն, որ դեսպանը շնորհաւորեց Պրէտ Շերմընը՝ վերընտրուելուն առիթով եւ երախտագիտութիւն յայտնեց հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած քոնկրէսականի ջանքերուն համար:

Դեսպան Ներսէսեան քոնկրէսականին ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները ու միջազգային դիտորդական կազմակերպութիւններուն կողմէ ընտրութիւններուն ընթացքին վերաբերեալ հնչեցուցած դրական գնահատականներն ու զեկոյցները:

Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի հարցեր եւ ընդգծեցին ԱՄՆ Քոնկրէսի դերակատարութիւնը միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման հարցով: Քոնկրէսական Շերմըն վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` իբրեւ Հայկական հարցերու յանձնախումբի անդամ, Քոնկրէսի մէջ շարունակելու քայլերը` ի նպաստ հայ-ամերիկեան գործակցութեան շրջանակի հարցերու առաջմղման: