ԱՄՆ-ի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան Գլխաւոր Քարտուղարի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, Դեկտեմբեր 20-ին, հանդիպեցաւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղար Լուիս Ալմակրոյի հետ (Luis Almagro):

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպումին ընթացքին, դեսպան Ներսէսեան կարեւոր համարեց դիտորդի կարգավիճակով Հայաստանի ներգրաւումը կազմակերպութեան աշխատանքներուն եւ նշեց, որ անիկա նպաստաւոր հարթակ է Հայաստանի եւ կազմակերպութեան անդամներու միջեւ երկխօսութիւն ծաւալելու համար: Դեսպանը ընդգծեց Հայաստանի եւ Կազմակերպութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործով Գլխաւոր քարտուղարի անձնական դերակատարումը:

Լուիս Ալմակրօ շնորհաւորեց դեսպան Ներսէսեանը նշանակման առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կը կրէ շարունակական բնոյթ: Ան ափսոսանք յայտնեց, որ չէ կրցած մասնակցիլ այս տարի Հայաստանի մէջ իրականացած Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին, բայց վերահաստատեց յաջորդ տարի Հայաստան այցելելու իր մտադրութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, ինչպէս` Արցախի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման եւ Սուրիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու եւ հայ համայնքի խնդիրներուն: