Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ՝ Յուշ-Երեկոյ Շարլ Ազնաւուրի Մահուան Քառասունքին Առիթով
Ան Ցերեկները Թերթ Կը Վաճառէր Փարիզի Փողոցներուն Մէջ, Բա՛յց Երբեք Չէր Կրնար Երեւակայել, Որ Այդ Նոյն Թերթերը Իր Մասին Պիտի Գրէին Ապագային
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական (ԳԶՎ) Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան, Շարլ Ազնաւուրի մահուան քառասունքին առիթով տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիսութիւն մը Կիրակի, 7 Դեկտեմբերին, երեկոյան ժամը 7էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի, շրջանի կազմակերպութիւններու եւ յարակից միութիւններու ու Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը յարգողներու հոծ բազմութեան մը:
Երեկոյթին բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի վարչութեան ատենապետուհի Ռուբինա Գասպարեան, որ ըսաւ. «Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի եւ ԳԶՎ Ազգային վարժարանին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ ձեր ներկայութեան համար, որ արձագանգելով մեր հրաւէրին՝ եկած էք միասնաբար ոգեկոչելու համաշխարհային ճանաչում ստացած ֆրանսահայ երգիչ, բանաստեղծ, դերասան, դիւանագէտ, մարդասէր գործիչ եւ բարերար Շարլ Ազնաւուրի կեանքն ու վաստակը յիշատակելու համար կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին»:
Շարունակելով իր խօսքը՝ Գասպարեան նշեց. «Իր երգարուեստին եւ բեմական կեանքին զուգահեռ, ան իր գործով փաստեց, որ արուեստը կարելի է օգտագործել նաեւ արդար դատերու ծանօթացման նպատակին: Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած՝ «Իլ սոն թոնպէ» («Անոնք ինկան») երգը, իսկ 1988ի երկրաշարժին առիթով՝ «Փուր թուա Արմէնի» («Քեզի համար՝ Հայաստան») երգերով մեծ աղմուկ արձանագրեցին համայն աշխարհին ծանօթացնելով հայ ժողովուրդն ու Հայ Դատը, իսկ 2001էն ետք Ազնաւուր պայքարեցաւ, որ Ֆրանսա օրէնքի ուժով ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մենք այսօր կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ եւ միասնաբար պիտի տօնախմբենք իր կեանքը, որովհետեւ 1 Հոկտեմբեր 2018ին սկսաւ Շարլ Ազնաւուրի համաշխարհային շրջագայութիւնը անմահութեան ուղիով»:
Բարի գալուստի խօսքերով հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց Սոնա Թոմոյեան, որ ըսաւ. «Այս երեկոյ մենք հաւաքուած ենք յիշելու ու մեծարելու ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի արուեստը եւ կեանքը: Ֆրանսական թերթերը իր մահէն ետք գրեցին. «Ֆրանսան կորսնցուց ֆրանսական երգի իր վերջին արքան»: Շարլը երգիչ էր, երգահան, դերասան եւ գրող: Ան գրած է 1200էն աւելի երգեր, դերեր ստանձնած է առաւել քան 60 ֆիլմերու մէջ, վաճառուած են շուրջ 180 միլիոն իր երգերու ձայնասկաւառակներէն: Ազնաւուր, զոր յաճախ կ՛անուանեն Ֆրանսայի Ֆրենք Սինաթրան, դարձաւ ամենամեծ միջազգային ճանաչում ստացած ֆրանսացի երգիչը: Սկիզբը Շարլը կը քննադատէին իր արտաքինին եւ «ջղաձիգ» ձայնին, բառերուն տարօրինակ անկեղծութեան համար: Ան 1956ին մեծ յաջողութեամբ ելոյթ ունեցաւ Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ ու անկէ ետք ունեցաւ աննախադէպ յաջողութիւն ե՛ւ ֆրանսական, ե՛ւ միջազգային բեմերու վրայ: 1965ին Ազնաւուր գրեց «La Boheme» երգը, որ դարձաւ իր ամէնէն ճանչցուած եւ սիրուած երգերէն մէկը, թարգմանուելով 7ը լեզուներու։ Շարլը ի՛նք զայն երգած է 5 լեզուներով. այդպիսով այդ երգը դարձաւ Շարլ Ազնաւուրի ստորագրութիւնը»:
Սկսելով օրուան յայտագիրին՝ Թոմոյեան ըսաւ. «Այս երեկոյ պիտի փորձենք ճամբորդել Շարլ Ազնաւուրի կեանքի անցած ճանապարհով՝ ծնունդէն մինչեւ երկրային կեանքին աւարտը։ Պիտի սկսինք «La Boheme» երգին երաժշտութեամբ»:
Ան բեմ հրաւիրեց Սան Ֆրանսիսքոցի երկու սիրուած երաժիշտներ՝ ջութակահար Յակոբ Նազարեանը եւ դաշնակահար Արա Քիւլլիւքեանը, որոնք մեծ հմտութեամբ կատարեցին «La Boheme»ը, արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու:
Ապա յայտագիրը շարունակուեցաւ Շարլի մանկութեան եւ պատանեկութեան մասին տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որուն մէջ երեւցան լուսանկարներ Ազնաւուրի մանկութենէն եւ խօսուեցաւ Շարլի ընտանիքին ու հայկական այն միջավայրին մասին, ուր մեծցաւ ու հասակ առաւ Շարլը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղի «Արազ» պարախումբէն անդամներ, ղեկավարութեամբ՝ Մարալ Ստեփանեանի։ Ձայնագր-ուած երգեցողութեամբ՝ Շարլ եւ Սեդա Ազնաւուրներու, Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս Իմն Դուն Իս» երգին վրայ պարեցին պարուհիներ՝ Ալիք Անտոնեան, Ալիսա Պէզճեան, Էմիլի Աւետիսեան եւ Շրեկըն Թիւթիւնճեան:
Ապա, Թոմոյան ներկայացուց Շարլի առաջին հանդիպումը Էտիթ Փիաֆի հետ, ինչպէս նաեւ այն դժուարութիւնները, զորս ան ապրեցաւ իբրեւ երգիչ, երբ կը քննադատուէր իր արտաքինին ու ձայնին համար։ Հանդիսավարը նշեց, որ Շարլը յաջողութեան հասաւ այդ շրջանին, երբ երգեց շատ նշանաւոր երգ մը՝ «Զիս Տարէք»ը, զոր դաշնամուրով կատարեց գաղութիս սիրուած դաշնակահարուի Նայիրի Սարգիս, արժանանալով հանդիսականներու բուռն գնահատանքին:
Ազնաւուրի միջազգային ճանաչումը սկսաւ, երբ ան սկսաւ համերգներ ներկայացնել Ֆրանսայէն դուրս: Շարլը 1963ին առաջին համերգը ունեցաւ հեղինակաւոր «Carnegie Hall»ի մէջ: Ամերիկայի մէջ Ազնաւուր առաւել յայտնի դարձաւ իր «Yesterday When I Was Young» երգով։ Այդ երգը երգած են շատ մը նշանաւոր երգիչներ, բայց մեր հանդիսութեան օրը այդ երգը երգեց մեր հանդիսավարուհին Սոնա Թոմոյեան՝ խոր ապրումներով ու բացառիկ երգեցողութեամբ, արժանանալով հանդիսականներու բուռն ծափահարութիւններուն:
Ֆրանսական երգի տարածման մէջ Ազնաւուրի ներդրումին մասին խօսելէ ետք, ԳԶՎ վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան ֆրանսերէնով ընթերցեց Ազնաւուրի բանաստեղծութիւններէն մէկը, իսկ հայերէնի թարգմանուած «Զիս Տարէքը» ընթերցեց ԳԶՎի շրջանաւարտներէն Զեփիւռ Գասպարեան։
Նշելէ ետք, թէ 1988ի Հայաստանի երկրաշարժէն ետք, Շարլ Ազնաւուր ստեղծեց «Ազնաւուր՝ Հայաստանի Համար» հիմնադրամը, ԳԶՎի վարժարանի աշակերտները, ղեկավարութեամբ Սոնա Թոմոյեանի երգեցին երկրաշարժի զոհերուն ի նպաստ դրամահաւաքի համար գրուած՝ «Քեզի Համար՝ Հայաստան» երգը: Երգին բառերուն հեղինակն է Ազնաւուր, իսկ երաժշտութեան հեղինակը՝ Ժորժ Կարվարենց:
Աւարտին, Համազգայինի ատենապետուհի Ռ. Գասպարեան բեմ հրաւիրեց օրուան յայտագիրին բոլոր մասնակցողները եւ իր շնորհակալական խօսքերէն ետք, մեծապէս գնահատելով իրենց մասնակցութիւն հանդիսութեան, առ ի գնահատանք նուիրեց մէկական ծաղկեփունջ:
Հոս կարժէ նաեւ հակիրճ կերպով անդրադառնալ Ազնաւուրի մանկութեան։ Ան ծնած է 22 Մայիս 1924ին, Փարիզ: Նորածինին անունը հայրը կը դնէ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան, ապա, ֆրանսացի մանկաբարձուհիին խորհուրդով, Շահնուրը կը փոխուի Շարլի: Փոքրիկն Շարլը առաջին անգամ բեմ կ՛ելլէ 5 տարեկանին. ան կ՛ուզէր դերասան դառնալ եւ սկսաւ մասնակից դառնալ մանկական թատերախումբի մը ու շատ շուտով կարեւոր դերեր ստանձնեց ներկայացումներու մէջ։ Ան 9 տարեկանին կը ձգէ դպրոցը եւ կը միանայ շրջիկ թատերախումբի մը: Ան ցերեկները թերթ կը վաճառեր Փարիզի փողոցներուն մէջ, բա՛յց երբեք չէր կրնար երեւակայել, որ այդ նոյն թերթերը իր մասին պիտի գրէին ապագային:
