Էրտողանը Այն Մարդն է, որ Կրնայ Ոչնչացնել ԻՊ-ի Զինեալները. Թրամփ

Աշխարհ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Twitter-ի իր էջին գրած է Սուրիայէն ամերիկեան զինուժի դուրսբերման եւ Թուրքիոյ նախագահի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին մասին:

«Նախագահ Էրտողանը ինծի կարեւոր տեղեկութիւն փոխանցեց «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման` Սուրիոյ մէջ տեղակայուած գրոհայիները ոչնչացնելու հարցով: Ան այն մարդն է, որ կրնայ ոչնչացնել վերջիններս: Բացի այդ, Թուրքիան Սուրիոյ հարեւանն է: Մեր զինուորները տուն կը դառնան»,- գրած է Թրամփ:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Թրամփ յայտարարած էր Էրտողանի հետ ունեցած  հեռաձայնային զրոյցի մը մանրամասնութիւնները: ԱՄՆ նախագահը նշած էր, որ Էրտողանի հետ քննարկումը եղած է ԻՊ ահաբեկչական խմբաւորման, Սուրիոյ մէջ համատեղ նախաձեռնութեան, Սուրիայէն ԱՄՆ զօրքերու դուրսբերման եւ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

Իսկ հեռաձայնային զրոյցէն քանի մը օր անց՝ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր Սուրիայէն ԱՄՆ-ի զօրքերու դուրս գալուն մասին:

Փենթակոնի ղեկավար Ճէյմս Մաթիսը ստորագրած էր Սուրիայէն ԱՄՆ-ի զինուժի դուրս հալուն հրամանը, ուր կը նշուի, թէ երբ եւ ինչպէս դուրս պիտի գան զօրքերը: Կը նախատեսուի, որ զօրքերը դուրս պիտի բերուին յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին:

Նշենք նաեւ, որ հրամանի ստորագրումէն ետք Մաթիսը հրաժարական տուած էր: