Մարքֆիլտի Ստեղծագործութեանց Նուիրուած Ցուցահանդէս Կլենտէյլի «Թիւֆէնքեան» Ցուցասրահին Մէջ

Սփիւռք

Ճիւլի Մարքֆիլտի նոր ստեղծագործութեանց ցուցահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 10 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7-9։30 տեղի ունենալիք ընդունելութեամբ:

Ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 216 S. Louise St., Glendale, CA 91205:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 Յունուար, իսկ ցուցադրասրահը բաց է Երեքշաբթիէն Ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 11էն 5, իսկ Շաբաթ օրերը՝ ժամադրութեամբ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.tufenkianfinearts.com կայքը կամ www.facebook.com/tufenkianfinearts կայքէջը: