Ժողովուրդը Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը
Դոկտ. Արա Խանճեան
Անհրաժեշտ է որ ՀՅԴն կարենայ իր շուրջը հաւաքել անկախութիւնէն ետք հասակ նետած նոր սերունդին այն մասը, որ կը հաւատայ ժողովրդային մակարդակով ժողովրդավարութեան, այսինքն փողոցի վրայ աշխատելուն եւ պայքարելուն: Նոր սերունդին այս մասը, վերջին տասը տարիներուն իրագործեց յաջողութիւններ, ինչպէս՝ Թռչկան ջրվէժի եւ Մաշտոց պուրակի պահպանումը, փոխադրամիջոցի սակագինը 100 դրամէն 150 դրամի բարձրացման կանխարգիլումը, կենսաթոշակի պետական համակարգը ֆինանսական շուկաներով փոխարինելու ընթացքի դանդաղեցումը, ելեկտրականութեան գինի ուղղակիօրէն բարձրանալուն առաջքը առնելը, եւ վերջապէս, Ապրիլի յեղափոխութիւնը, որուն շնորհիւ երկար տարիներ երկիրը կողոպտող հանրապետականներու իշխանութիւնը տապալեցաւ: Այս բոլոր յաջողութիւնները ցոյց տուին, թէ կարելի է ժողովրդական կամ հասարակական շարժումներով լուրջ ազդեցութիւն ունենալ կառավարութեան, երկրի ղեկավարութեան ու երկրի ապագային վրայ:
Ժողովրդավարութեան ու արդարութեան հաւատացող այս մաքուր եւ հայրենասէր երիտասարդութեան եւ անձերու բնական տեղը ՀՅԴն պէտք է ըլլայ: Սակայն փոխանակ ՀՅԴին միանալու, անոնց մէկ կարեւոր հատուածը մաս կազմեց կամ ստեղծեց նոր կուսակցութիւններ, ինչպէս՝ «Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական Պայմանագիր», «Քաղաքացու Որոշում Սոցեալ Դեմոկրատ» եւ «Սասնայ Ծռեր» կուսակցութիւնները, որոնք դարձան կամ կրնան դառնալ ՀՅԴի մրցակիցները: Ժողովրդավարութեամբ մտահոգ անձին համար բացի ՀՅԴէն կան «Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կամ «Քաղաքացու Որոշում Սոցեալ Դեմոկրատ» կուսակցութիւնները: Յառաջդիմական, ձախ ուղղութիւն ունեցող կամ արդարութեան հաւատացող երիտասարդին համար, բացի ՀՅԴէն կայ «Քաղաքացու Որոշում Սոցեալ Դեմոկրատ» կուսակցութիւնը: Իսկ շեշտուած կերպով ազգային ուղղուածութիւն ունեցող երիտասարդին համար, բացի ՀՅԴէն կայ «Սասնայ ծռեր» կուսակցութիւնը:
Որպէսզի ՀՅԴի ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները գործադրուին, անհրաժեշտ է որ ժողովրդավարութեան ու արդարութեան հաւատացող երիտասարդներուն եւ անձերուն մէկ կարեւոր մասը հաւաքուի ՀՅԴի շուրջ: Հետեւաբար, իմ կարծիքով, ներկայիս Դաշնակցութեան գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկը, ժողովուրդին եւ յատկապէս ժողովրդավարութեամբ ու արդարութեամբ հետաքրքրուող տարրին կողմէ ընդունելի դառնալն է եւ անոնց վստահութիւնը շահիլը: Առանց անոնց ստուար ներկայութեան ՀՅԴի շուրջ, ինչպէ՞ս ՀՅԴն պիտի կարենայ պայքարիլ իր ընկերային-տնտեսական առաջադրանքները գործադրելու համար:
Այս կէտերը իրագործելու համար, պէտք է անկեղծօրէն հաւատանք ժողովուրդին եւ անոր հետ ուղղակիօրէն աշխատելու կարեւորութեան: Պէտք չէ արհամարհենք ժողովուրդը կամ նսեմացնենք զայն՝ ըսելով, թէ այս ժողովուրդ չէ այլ ամբոխ է: Ինչպէս կրնանք ակնկալել, որ ապագային ժողովուրդը մեզի հետ աշխատի կամ մեզի աւելի քուէներ տայ, եթէ պախարակենք ու նեղացնենք ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, որ մեզի քուէ չտուաւ: Նաեւ պէտք չէ ըսենք, թէ ժողովուրդը մեզի չի հասկնար ու անցնինք, այլ պէտք է աշխատինք ժողովուրդին հետ եւ ուղղակիօրէն անոր բացատրենք մեր մօտեցումները: Եթէ 1880ական եւ 1890ական թուականներուն հայ մտաւորականները եւ յեղափոխականները կրցան փոխել դարերու ընթացքին ստրկացած հայ գիւղացիներուն կեցուածքները, այսօրուան պայմաններուն մէջ շատ աւելի դիւրին պէտք է ըլլայ ՀՅԴի գաղափարները բացատրել ժողովուրդին:
ՀՅԴն պէտք է կարենայ իր գործելաոճին մէջ մտցնել պէտք եղած փոփոխութիւնները ու յաջորդ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն բազմապատկել իր ստացած քուէները:
