Միացեալ Նահանգներ Դուրս Կը Բերէ Իր Զօրքերը Սուրիայէն
Միացեալ Նահանգներ Սկսած է դուրս բերելու զօրքերը Սուրիայէն: Այդ մասին յայտնած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Սարա Սանտըրս:
«Անցնելով այս գործողութեան յաջորդ փուլին` մենք սկսանք տուն վերադարձնելու ամերիկացի զինուորները»,-կ՛ըսուի Սանդըրսի յայտարարութեան մէջ, կը յայտնէ Deutsche Welle-ը:
Նախապէս ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը Twitter-ի իր էջին մէջ գրած էր, որ ԱՄՆ առաքելութիւնը Սուրիոյ մէջ աւարտած է: «Մենք յաղթեցինք «Իսլամական պետութեան» Սուրիոյ մէջ: Ինծի համար ատիկա այնտեղ գտնուելու միակ պատճառն էր Թրամփի նախագահութեան օրօք»,-ըսած է ԱՄՆ նախագահը:
Մեծ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Թոպիաս Էլուտ իր հերթին «վճռական անհամաձայնութիւն յայտնած է Թրամփի դիրքորոշումին: «ԻՊ-ն վերածուած է ծայրայեղականութեան այլ ձեւերու եւ սպառնալիքը դեռ շատ իրական է»,-գրած է նախարարը Twitter-ի իր էջին մէջ։
Այժմ Սուրիոյ մէջ մօտ 2000 ամերիկացի զինուորական կայ:
