Հայաստան Սեռերու Հաւասարութեան Զեկոյցին Մէջ 149 Երկիրներէն 98-րդն է
Սեռերու հաւասարութիւնը հիմնարար է, թէ ինչպէս տնտեսութիւնն ու հասարակութիւնները կը զարգանան: Դեկտեմբեր 17-ին Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին կողմէ հրապարակուած «Համաշխարային սեռական անջրպետ 2018» զեկոյցը անդրադարձած է 149 երկիրներու` ուսումնասիրելով կանանց ու տղամարդոց միջեւ անհաւասարութիւնը 4 հարթութիւններով` տնտեսական մասնակցութիւն, կրթութիւն, առողջութիւն եւ քաղաքականութիւն:
Այս տարուան արդիւնքներով կը նշուի, որ տղամարդոց ու կանանց հնարաւորութիւններու հաւասարութիւնը կը կազմէ 68.0 տոկոս: Այսինքն կանանց ու տղամարդոց միջեւ տակաւին առկայ է 32.0 տոկոս անջրպետ: Սեռերու հաւասարութեան առումով ամենալաւ վիճակի մէջ է Իսլանդիան, ուր անիկա կը կազմէ 85 տոկոս: Իսլանդային կը յաջորդեն Նորվեգիան, Շուէտը ու Ֆինլանդիան:
Սեռերու հաւասարութեան առումով Հայաստանը 149 երկիրներու շարքին 98-րդն է:
Զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ ծնունդներու առումով սեռերու հաւասարութիւնը բաւական առաջընթաց արձանագրած է․ 113 երկիրներու մէջ աղջիկներո ծնունդը կը կազմէ բնական 94.4 տոկոս ու մնացած միւս երկիրներու մէջ անիկա բարձր է 92 տոկոսէն:
Միայն 4 երկիրներու մէջ, որոնց կարգին են Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Հնդկաստանն ու Չինաստանը, աղջիկներու ծնունդները տղաներու համեմատ ցած է 91 տոկոսէն, ինչ որ «կանանց պակաս»ի իրական խնդիր է: Այս պատճառով ալ Հայաստանը առողջական ու գոյատեւման չափորոշիչով 149 երկիրներու շարքին 148-րդն է: Այս Ցուցանիշին պատճառը Հայաստանի մէջ սեռով պայմանաւորուած վիժումներն են:
Հայաստան տնտեսական սեռերու հաւասարութեան առումով 72-րդն է: Լաւագոյն ցուցանիշը կրթական ոլորտի մէջ է, ուր Հայաստանը կը գրաւէ 35-րդ տեղը, իսկ քաղաքականութեան մէջ՝ սեռական հաւասարութեամբ 115-րդ տեղը:
