Հայաստանի Մէջ Տնտեսական Աշխուժութիւնը 5.7 Տոկոսով Աճած է
ՀՀ վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած ընթացիկ հիմնական փոքր տնտեսական ցուցանիշներուն համաձայն՝ 2018 Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 5.7%-ով։ 2017 Նոյեմբեր ամսուան նկատմամբ ՏԱՑ-ը կազմած է 3.6%:
Ըստ ՎԿ տուեալներուն՝ արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը այս տարուան Յունուար-Նոյեմբերին աճած է 4.1%-ով, 2017 Նոյեմբերի համեմատ՝ 1.1%-ով, իսկ նախորդ ամսուան՝ Հոկտեմբերի համեմատ նուազած է 7.8%-ով:
Ելեկտրականութեան արտադրութեան ոլորտէն ներս աճը կազմած է 2.4%, շինարարութեան ոլորտէն ներս՝ 5.5%:
Ըստ վիճակագրական կոմիտէին` առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները այս տարուան Յունուար-Նոյեմբերին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, աճած են 9.2%-ով, ծառայութիւններու ծաւալը նոյնպէս (առանց առեւտուրի) աճած է 18.4%-ով:
Ինչ կը վերաբերի սպառողական գիներուն, ուստի այս տարուան Յունուար-Օգոստոսին գիները, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, աճած են 2.6%-ով:
Վիճակագրութեան համաձայն՝ այս տարուան Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն հանրապետութեան մէջ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը նախորդ տարուան Յունուար-Օգոստոսի համեմատ նուազած է 8.1%-ով:
Յունուար-Օգոստոսին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 19.1%-ով, ի դէպ` արտահանումը աւելցած է 9.8%-ով, ներմուծումը՝ 24.2%-ով:
2018 Յունուար-Նոյեմբերին, միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աճած է 3.9%-ով, իսկ նախորդ տարուան Նոյեմբերի համեմատ՝ աճած է 4.6%-ով:
