Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Կոչ Ըրած է Յստակեցնելու Պոլսոյ Հայկական Դպրոցներու Կարգավիճակը ու Աջակցելու Անոնց

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան կոչ ըրած է երկրի իշխանութիւններուն յստակ կարգավիճակ շնորհելու հայերու ու այլ փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն` չխուսափելով բազմալեզու կրթութեան կիրառութենէն:

Ըստ «Թերթ»-ի՝ վկայակորելով Փայլանի ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջը, հայ պատգամաւորը շեշտած է, որ երկրին մէջ բազմալեզու կրթութեան զարգացումը օսմանեան ժամանակաշրջանին կիրառուած կարեւոր փորձ է, որուն կիրառումէն Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները խիստ կը խուսափին:

«Ես կեանքս սկսած եմ հայերէնով, եւ ինչպէս կը տեսնէք` թրքերէն ալ կրնամ խօսիլ, անգլերէնս ու սպաներէնս ալ բաւական լաւ են», – ըսած է Փայլան` դիմելով Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուքին:

Ան յիշեցուցած է, որ թէեւ Լոզանի պայմանագիրով Թուրքիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններուն թոյլատրուած է ունենալ համայնքային դպրոցներ, սակայն անոնց պաշտօնական կարգավիճակը որեւէ կերպով չէ հաստատուած պետութեան կողմէ, անոնց հետ կապուած չկայ ներքին կանոնակարգ, բացի այդ` պետութիւնը որեւէ կերպով չ՛աջակցիր այդ ուսումնական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ ֆինանսապէս:

«Այդ իսկ պատճառով կոչ կ՛ընեմ նախարարին, կոչ կ՛ընեմ խորհրդարանին ճանչնալու այդ դպրոցներու կարգավիճակը եւ քայլեր ձեռնարկելու անոնց գործունէութիւնը խթանելու համար», – ըսած է Փայլան: