Վառած Են Ստեփանակերտի Գլխաւոր Տօնածառին Լոյսերը
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ Դեկտեմբեր 19-ին, վառած են գլխաւոր տօնածառի լոյսերը:
Օրուան առթիւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած են նաեւ մշակութային ձեռնարկներ. մայրաքաղաքի աւելի քան 400 դպրոցականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է ամանորեայ ֆլեշմոպ:
Երգ ու պարով հանդէս եկած են Պաշտպանութեան բանակի «Ասպետ» խումբը, Ստեփանակերտի մշակոյթի տան սաները եւ անհատ կատարողներ:
Գլխաւոր տօնածառի լոյսերը վառած են Կաղանդ պապան եւ Ձիւնանուշը:
Տօնածառի շուրջ հաւաքուած երեխաներուն իրենց ներկայութեամբ զուարճացուցած են նաեւ ծաղրանկարներու հերոսներ եւ 2019 թուականի խորհրդանիշ խոզուկը:
Ողջունելով ներկաները՝ Կաղանդ պապան շնորհաւորած է բոլորը գալիք նոր` 2019 թուականի առթիւ եւ հայ ժողովուրդին մաղթած յարատեւ ուրախութիւն եւ յաջողութիւն:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Ստեփանակերտի փոխքաղաքապետ Արմէն Յակոբեան ըսած է, որ յառաջիկային նախադպրոցական երեխաներու համար կը նախատեսուի շարք մը ձեռնարկներ:
Ան աւելուցած է, որ Դեկտեմբեր 31-ին Կաղանդ պապան ու Ձիւնանուշը պիտի շրջին մայրաքաղաքի փողոցներով, պիտի շնորհաւորեն երեխաները եւ նուէրներ պիտի բաժնեն անոնց: Երեկոյեան մայրաքաղաքի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ, որ պիտի աւարտի հրավառութեամբ:
Յակոբեան գալիք ամանորեայ տօներուն առթիւ շնորհաւորած է բոլորը եւ մաղթած Արցախ աշխարհին խաղաղութիւն, զինուորներուն` բարի ծառայութիւն, համայն հայութեան` միասնականութիւն:
