Գիւմրիի «Վերածնունդ» Միջազգային Մրցում-Փառատօնի Դափնեկիրներուն Ելոյթը
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, Համազգայինի 90-ամեակին եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակին նուիրուած եզրափակիչ ձեռնարկը` Գիւմրիի «Վերածնունդ» միջազգային մրցում-փառատօնի դափնեկիրներու համերգը տեղի ունեցաւ երէկ` Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան – Սուրճեան: Ան նկատել տուաւ, որ կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի «Կոմիտաս»-ի անուան պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղին, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու համահայկական հիմնադրամին, «Վերածնունդ» մրցում-փառատօնի հասարակական կազմակերպութեան, 10-րդ տարին ըլլալով 5-15 ապրիլին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան միջազգային «Վերածնունդ» մրցում-փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քոլեճէն երեք աշակերտներ` Արի Տագէսեան եւ Ալեքս Տապաղեան` կիթառ, ուսուցիչ ունենալով Մկրտիչ Միքայէլեանը, Միքայելա Պոյաճեան` ջութակ, ուսուցիչ ունենալով Յովհաննէս Գարախանեանը եւ կիթառի ուսուցիչ Եսայի Սգայեանը: Թամար Սնապեան-Սուրճեան ըսաւ, թէ քոլեճի 10-րդ դասարանի աշակերտ Արի Տագէսեան եւ քոլեճի 7-րդ դասարանի աշակերտ Ալեքս Տապաղեան 38 մասնակիցներուն մէջ տիրացան Ա. մրցանակի` 5-18 տարեկան դասակարգէն, քոլեճի 5-րդ դասարանի աշակերտուհի Միքայելա Պոյաճեան տիրացաւ Բ. մրցանակին` 8-12 տարեկան դասակարգին մէջ, իսկ քոլեճի կիթառի ուսուցիչ Եսայի Սգայեան տիրացաւ Ա. մրցանակին` 23 տարեկանէն վեր դասակարգին մէջ: Ան յայտնեց, որ քոլեճի կիթառի ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեանը, որ հրաւիրուած էր սոյն մրցում-փառատօնին` իբրեւ դատական կազմի անդամ, Գիւմրիի մէջ վարպետութեան դասեր տուաւ` աւելցնելով, որ ան այս տարի եւս հրաւիրուած է իբրեւ դատական կազմի անդամ: Եզրափակելով իր խօսքը` Թամար Սնապեան – Սուրճեան աշակերտներուն մաղթեց յարատեւութիւն եւ աշխատասիրութիւն` յոյս յայտնելով, որ իրենց ընթացքը միւս աշակերտներուն խայծ մը կ՛ըլլայ, որպէսզի իրենք եւս ցանկան հասնիլ աւելի բարձր բեմեր եւ մրցանքներու մասնակցին:
Այնուհետեւ Ալեքս Տապաղեան կիթառի վրայ նուագեց Ալպենիզի «Ասթուրիաս»-ը, Վիլլա-Լոպոսի «Փրելիւտ թիւ 2»-ը, Տէ Լա Մազայի «Քամփանաս Տել Ալպա»-ն եւ Փիւյոլի «Էլ Ապեխորօ»-ն: Արի Տագէսեան կիթառի վրայ նուագեց Սորի «Ֆանթազիա»-ն, Վիլլա-Լոպոսի «Էթիւտ թիւ 1»-ը, Փականինիի «Ռոմանզա»-ն եւ Թորոպայի «Սոնաթինա 3-րդ շարժում»-ը: Միքայելլա Պոյաճեան ջութակի վրայ նուագեց Պոմի «Յարատեւ շարժում»-ը, Վերաչինիի «Լարկօ»-ն եւ Խաչատուրեանի «Պատանիներու պարը»` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Սապունճեանի: Եսայի Սգայեան նուագեց Վիլլա-Լոպոսի «Էթիւտ թիւ 11»-ը եւ «Էթիւտ թիւ 12»-ը, Տէ Ֆալլայի «Օմենաժ ա Տեպիւսի»-ն, Պրաուըրի «Տանզա Քարաքթերիսթիքա»-ն եւ Ճուլիօ Սակլերասի «Էլ Քոլիպրի»-ն:
Աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան – Սուրճեան գնահատագիրով պատուեցին ուսուցիչներ Մկրտիչ Միքայէլեանը եւ Յովհաննէս Գարախանեանը:

