Յունուար 1-էն Պիտի Գործէ Կաշառակերութեան Դէպքերու Մասին Ազդարարման Ելեկտրոնային Հարթակը

Հայաստան

Գալիք տարուան Յունուար 1-էն պիտի սկսի գործելու ազդարարման ելեկտրոնային հարթակը, որու օգնութեամբ քաղաքացիները պիտի կարենան անանուն ազդարարել կաշառակերութեան բնոյթի յանցագործութիւններու մասին, կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»-ն:

Արդարադատութեան նախարարութեան 2018 թուականի Մայիս-Նոյեմբերի աշխատանքներու ամփոփման նուիրուած ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտնած է արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Արտակ Զէյնալեան:

«Մշակուած եւ այս տարուան Յուլիս 12-ին ընդունուած է «Ազդարարման համակարգի մասին ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծը, որու համաձայն` ազդարարման միասնական ելեկտրոնային հարթակը պիտի ստեղծուի մինչեւ 2019 թուականի Յունուար 1»,- ըսած է Զէյնալեան: