Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը Պատկերող Աւազէ Քանդակ Վատիկանի Մէջ

Այլեւայլ, Աշխարհ

Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարուած է բացումը աւազէ վիթխարի քանդակի մը, որ կը պատկերԷ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի աստուածաշնչեան տեսարանը:

Վկայակոչելով BBC-ն՝ Armenpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ պատուանդանին կարելի է տեսնել Յովսէփը, Մարիամը, հրեշտակները, հովիւներն ու կենդանիները, եւ անշուշտ Յիսուս մանուկը: 5,5 մեթր բարձրութեամբ քանդակի ստեղծման համար պահանջուած Է 720 թոն աւազ:

Քանդակը օծած են Վատիկանի քահանաները: Արարողութեան հետ միաժամանակ վառած են Վատիկանի Սուրբ ծննդեան տօնածառին լոյսերը: Սուրբ Ծնունդի քանդակին վրայ աշխատած են քանդակագործներ Ռիչ Վարանոն, Ռատովան Զիւնին, Սիւզան Ռիւսլերը եւ Իլիա Ֆիլիմոնցեւը: Քանդակը հրապարակին վրայ պիտի մնայ մինչեւ Յունուար 14: