Հայաստան Հաստատուած Սուրիահայ Գործարարները Ցանկութիւն Յայտնած են Մասնակցելու Սուրիոյ Վերակառուցման Աշխատանքներուն
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր նստավայրին մէջ ընդունած է Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու պատուիրակութիւնը՝ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու համակարգող կեդրոն» ՀԿ նախագահ Ճորճ Բարսեղեանի գլխաւորութեամբ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ հանդիպման ժամանակ քննարկումները ծաւալած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, երկրի վերակառուցման գործընթացին շուրջ: Հայաստան հաստատուած սուրիահայ գործարարները ցանկութիւն յայտնած են մասնակցելու Սուրիոյ վերակառուցման գործընթացին:
Սուրիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Սուրիոյ բարեկամ Հայաստանի Հանրապետութեան սկզբունքային դիրքորոշումը եւ երկրի դէմ սանձազերծուած ահաբեկչական պատերազմի ողջ ընթացքին ցուցաբերած աջակցութիւնը թոյլ կու տայ, որ Հայաստանը ըլլայ առաջատար երկիրներէն մէկը, որ արդար իրաւունք ունի մասնակցելու Սուրիոյ վերականգնման աշխատանքներուն:
