Էրտողանի Յայտարարութիւններէն Ետք Թուրքիան Սկսած է Զինամթերք Կուտակել Թուրք-սուրիական Սահմանին Վրայ

Աշխարհ

Թուրքիան քանի մը օր է՝ շարունակաբար լրացուցիչ ուժեր կը կեդրոնացնէ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ։ Նախօրէին Թուրքիոյ սահմանամերձ Հաթա նահանգ ուղարկուած են հրասայլեր տեղափոխող բեռնատարներ: Թուրք-սուրիական սահման ուղարկուած են նաեւ զրահապատ մեքենաներ, ինչպէս նաեւ կենդանի ուժ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Aksam-ը։

Ըստ աղբիւրին՝ զինամթերքի կուտակումը սկսած է այն պահուն, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յայտարարած էր, թէ Անգարան Սուրիոյ քրտական ուժերուն դէմ կը պատրաստուի ռազմական նոր գործողութեան։ Անիկա կը նախատեսուի իրականացնել Եփրատ գետի արեւելեան հատուածին վրայ։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մտադրութեանէն անհանգստացած է Ուաշինկթընը։ Փենթակոնի յայտարարութեան մէջ ըսուած էր, որ ամերիկեան կողմը անընդունելի կը համարէ Սուրիոյ հիւսիսը չհամաձայնեցուած որեւէ ռազմական գործողութիւն սկսիլը: Այնուհետեւ, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ դարձեալ լարուածութիւն կը նկատուի: