Գործարարներու Սեփականութիւնը Պիտի Ունենայ Բարձր Պաշտպանութիւն
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի դիմումով՝ Սահմանադրական դատարանը վերջերս հակասահմանադրական ճանչցած է Կառավարութեան 2017 Հոկտեմբեր 5-ի N 1373-Ն որոշումով սահմանուող շարք մը դրոյթներ։
ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ դիմումին մէջ Պաշտպանի աշխատակազմը մանրամասն վերլուծած է, որ ՀՀ հարկային օրէնսգիրքը, սահմանելով շահութահարկի որոշման եւ վճարման կարգաւորումները, բաւականաչափ յստակօրէն չ՝ամրագրեր այնտեղ օգտագործուող որոշ եզրոյթներ: Իբրեւ արդիւնք՝ այդ եզրոյթները կը սահմանուին առաւել ցած իրաւաբանական ուժ ունեցող իրաւական ակտով՝ Կառավարութեան որոշումով: Ի դէպ՝ օրէնքը չի նախատեսեր այնտեղ կիրառուած եզրոյթներուն բացայայտումը Կառավարութեան որոշումով՝ հակասութիւններ յառաջացնելով որոշակիութեան սկզբունքի հետ: Միեւնոյն ժամանակ պարզուած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ խնդիր կ՝առաջանայ գործարար կազմակերպութեան սեփականութեան իրաւունքի իրացման՝ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած երաշխիքներու տեսանկիւնէն:
Հաշուի առնելով դիմումով բարձրացուած խնդիրը՝ Սահմանադրական դատարանը գտած է (ՍԴՈ-1436 որոշում), որ վիճարկուող կարգաւորումներուն իբրեւ արդիւնք ոչ իրաւաչափ կերպով միջամտութիւն տեղի կ՝ունենայ սեփականութեան իրաւունքին։ Նշուած է նաեւ, որ հարկի բովանդակութիւնը եւ հարկային պարտաւորութեան ծաւալները պէտք է սահմանուին օրէնքով, իսկ իւրաքանչիւր յստակ պարագայի հարկային պարտաւորութիւնը պիտի համարուի օրէնքին համապատասխան սահմանուած, եթէ ոչ միայն զուտ ձեւական առումով անիկա ամրագրուի օրէնքով, այլեւ անոր բովանդակութիւնը կազմող տարրերը իրենց ամբողջական արտացոլումը գտնեն օրէնքի մէջ:
Սահմանադրական դատարանը արձանագրած է նաեւ, որ շահութահարկ վճարողներու համար հարկուող շահոյթը համախառն եկամուտի եւ նուազեցումներու դրական տարբերութիւնն է, ի դէպ, եթէ համախառն եկամուտէն կը նուազեցուին ձեռնարկատիրական ծախսերը, կորուստները եւ այլ նուազեցումները, իսկ հարկուող շահոյթը որոշելու համար հաշուի կ՝առնուին եկամուտները եւ ծախսերը, ուստի «եկամուտ չհամարուող տարրերը» եւ «ծախս չհամարուող տարրերը» չեն հաշուառուիր եւ չեն արտացոլուիր հարկային մարմին ներկայացուող շահութահարկի հաշուարկներուն մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, սահմանադրութեան հակասող ճանչցուված դրոյթներուն ուժը կորսնցնելու վերջնաժամկէտ սահմանուած է 2019 Մայիս 1-ը՝ հնարավորութիւն տալով Ազգային ժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան հարկային օրէնսգիրքի իրաւակարգաւորումները համապատասխանեցնելու սոյն որոշման պահանջներուն՝ խուսափելու համար պետութեան կամ հանրութեան համար այնպիսի ծանր հետեւանքներու յառաջացումէն, որոնք պիտի խաթարեն այդ պահուն տուեալ օրինաչափական իրաւական ակտի վերացումով հաստատուելիք իրաւական անվտանգութիւնը:
