Պաշտօնանկութիւններ եւ Նոր Նշանակումներ Արցախի Կառավարութեան Մէջ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր, որու համաձայն` զօրավար Լեւոն Մնացականեան հեռացուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, նախագահ Սահակեանի ստորագրած մէկ այլ հրամանագիրով` զօրավար Կարէն Աբրահամեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատար` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետի պաշտօնէն:
Արցախի նախագահի հրամանագիրով` գնդապետ Ջալալ Յարութիւնեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետ` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 42009 զօրամասի հրամանատարի պաշտօնէն:
ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով` Լեւոն Մնացականեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն:
Նախագահի հրամանագիրին մէջ կ՛ըսուի. «Նախագահի հաստատած կառավարութեան որոշումով` Կարէն Սարգսեան հեռացուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն”:
