Ժամանակն Է Զինուիլ Դարու Զէնքերով։ Դարը Արհեստագիտութեան Դար Ըլլալու Կողքին, Դարն Է Արհեստավարժութեան, Գիտելիքներու Կատարելագործման ու Ինքնազարգացման. Լ. Սապունճեան-Ծատուրեան
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանի խօսքը՝ արտասանուած Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած Հալէպի հանդիսութեան ընթացքին
Համազգային Հայ կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90-ամեակն է, որ կը յիշատակենք այսօր, հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ մը, որուն ընթացքին կը խօսինք թէ՛ անցեալին, թէ՛ ներկային ու անշո՛ւշտ ապագային մասին։
Խօսքը կրթական ու մշակութային այն միութեան մասին է, որ 90 տարի առաջ կեանքի կոչուած էր՝ պահելու ու պահպանելու հայ լեզուն, մշակոյթը եւ անոնց միջոցով ապահովելու հայ ժողովուրդին գոյատեւումը։
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կերտումէն տարիներ ետք, արդէն հիմնադիր սերունդի միտքին մէջ հասունցած էր այն գաղափարը, որ պէտք էր ստեղծել այնպիսի ընկերութիւն մը, որ պիտի աշխատէր մասնաւորաբար տարագիր հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգիով՝ Միջին Արեւելքի մէջ հիմնելով եւրոպական դպրոցներու համապատասխան միջնակարգ վարժարաններ, հրատարակելով հայերէն գիրքեր, դասագիրքեր եւ գրականութիւն։ Այդպէս ալ արձանագրուեցաւ ընկերութեան կանոնագիրին մէջ, 28 Մայիս 1928-ին պաշտօնապէս ստեղծուած համարելով Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւնը, որուն գործունէութեան ծաւալման համար կարիք կար ատակ մարդուժի եւ նիւթական միջոցներու։ Այս առաքելութեամբ է, որ Համազգայինի աւագ հիմնադիրներ՝ Նիկոլ Աղբալեան ու Լեւոն Շանթ Համազգայինի ծննդավայր Գահիրէէն ճամբայ ելան տարբեր ուղղութիւններով, Աղբալեանը դէպի Սուրիա եւ Լիբանան, իսկ Շանթը՝ Եւրոպա։
Ճիշդ է, որ տարբեր շրջաններու մէջ անոնք պիտի արծարծէին եւ ժողովրդականացնէին Համազգայինի գաղափարները եւ հրապարակային բանախօսութիւններով ու խորհրդակցութիւններով իրենց շուրջ նուիրեալներ պիտի հաւաքէին մասնաճիւղեր կազմելու համար, սակայն աշխարհագրական այդ երկու ուղղութիւններ մեկնելով, անոնք Համազգայինի գործունէութիւնը երաշխաւորող երկու հիմնական կարիքները պիտի փորձէին հոգալ։ Արեւելքը՝ նիւթականի կողքին, գլխաւորաբար մարդուժ պիտի կարենար ապահովել, իսկ արեւմուտքը՝ մարդուժի հետ մէկտեղ յատկապէս՝ նիւթական աղբիւր պիտի հանդիսանար։ Իրողութիւն մը, որ այդպէս ալ կը շարունակուի մնալ մինչեւ օրս։
Հետեւաբար, այսօր, երբ կը խօսինք Համազգայինի մասին Միջին Արեւելքի մէջ, անպայմանօրէն չենք կեդրոնանար անոր հիմնադրամներուն եւ ֆոնտերուն ուռճացման եւ անոնց կողքին նորերը հիմնելու կարեւորութեան վրայ, որոնք աւելի քան անհրաժեշտ են ամրացնելու աշխարհասփիւռ այս միութեան տնտեսական ապահովութիւնը, եւ որոնց շնորհիւ պիտի երաշխաւորուի Համազգայինի բազմաշերտ գործունէութեան շարունակականութիւնը: Միջին Արեւելքի մէջ Համազգայինի գործունէութեան մասին երբ խօսինք, մենք կ’ընդգծենք մարդուժը, որ տասնամեակներ շարունակ եղած է միջինարեւելեան գաղութներու գլխաւոր հարստութիւնը՝ դրամագլուխը, որուն շնորհիւ ապահովուած է Սփիւռքի բոլոր գաղութներու գոյատեւումը։ Փակագիծ մը բանալով նշեմ, որ ներկան աւելի քան բարացուցական է։ Վերջին տարիներուն, Սուրիոյ շրջանէն արտագաղթած Համազգայինի մեր ընկեր-ընկերուհիները, այսօր Համազգայինի ղեկը իրենց ձեռքը կը պահեն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատա, Եւրոպա հասնելով մինչեւ Աւստրալիա։ Պատճառը յստակ է։ Միջին Արեւելքի շրջաններու մարդուժը, Համազգայինի հիմնաադրութեան առաջին օրէն թրծուեցաւ հիմնադիրներու շունչով, ոգիով ու գաղափարներով։ Միջին Արեւեքի մէջ Շանթի, Աղբալեանի, Օհանջանեանի եւ միւսներու ֆիզիքական ներկայութիւնը աւելի քան վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ այս շրջաններու մարդուժի կազմաւորման յոյժ կարեւոր գործին մէջ։
Համազգայինի հայրենակերտ սակայն տարագիր հիմնադիրները, հայրենիքէն դուրս ստեղծեցին Հայաստանը։ Անոնք, իրենց պայծառամտութեամբ, հեռատեսութեամբ, խոհեմութեամբ, յառաջադէմ գաղափարներով, միաժամանակ անսակարկ նուիրումով, անդուլ ջանքերով, անկոտրում կամքով, հետեւողական աշխատանքով եւ գերմարդկային ճիգերով, ոչ միայն հիմնեցին մեր վիթխարի միութիւնը, այլ դարձան կենդանի օրինակը իրերայաջորդ սերունդներուն, որոնք եղան ու մինչեւ օրս կը մնան Համազգայինի առաքելութեան ջահակիրները. ուրեմն պատահական չէ, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, Համազգայինի մշակութային կեդրոններն ու մասնաճիւղերը մկրտուած են Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի անուններով։
Համազգայինը առաջին օրէն աշխատանքի լծուեցաւ բազմաճիւղ գործունէութեամբ։ 90 տարի ետք անոր մշակութային, կրթական, հրատարակչական աշխատանքները առ աւելի ճիւղաւորուած ու ծաղկած են ու օրէ օր նոր ծիլեր կու տան։ Հինին վրայ աւելցած է նորը, աւանդականին կողքին ստեղծուած է ժամանակակիցը, տարբեր պատճառներով ընդհատուած ծրագիրներուն փոխարինած են ուրիշները, իսկ անոր աշխարհագրական տարածքը ընդարձակուած է։
Այսպէս. 1930-ին հիմնուած Հայ ճեմարանը, հետագային Համազգայինի Նշան Փալանճեան եւ ներկայիս Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը, այսօր ունի իր քոյր հաստատութիւնները՝ ի դէմս Մարսէյի ճեմարանի, Սիտնիի Արշակ եւ Սոֆի Քոլսթըն ճեմարանի եւ Փարիզի Թարգմանչաց վարժարանի, որ թէեւ նորագոյն անդամն է Համազգայինի կրթական կառոյցներու ընտանիքին, սակայն ունի կրտսեր եւ ալ աւելի նոր անդամ մը, որ բոլոր տուեալները ձեռքբերած է՝ հաւակնելու դառնալ հսկայական հաստատութիւն մը իր ունեցած բազմատեսակ կարելիութիւններով, խօսքը՝ Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրին մասին է, որ այս վերամուտին իր ժամանակակից եւ արդիական կառոյցով դռները բացաւ լիբանանահայ փոքրիկներուն դիմաց։
Իսկ Աղբալեանի ջանքերով ծնունդ առած Համազգայինի հրատարակչատունը, «Վահէ Սէթեան» իր տպարանով, այսօր ո՛չ միայն իր գործը կը շարունակէ տպագիր հրատարակութիւններով, որոնք հասանելի են աշխարհին շնորհիւ համացանցային առաքման դրութեան, այլեւ շուտով այդ հրատարակութիւնները կ’ունենան իրենց թուայնացած տարբերակները, ե-գրադարանի յաւելուածի ճամբով տրամադրելի բոլորին։ Վերջին տարիներուն, մեծ ժողովրդականութիւն գտած համացանցային մանկապատանեկան «Լալան ու Արան» յաւելուածները, շուտով կը հարստանան նորով, ու կը ճոխացնեն իրենց համապատասխան դաստիարակչական իրերու տեսականին։
Երկու տասնամեակներէ աւելի, մեծ յաջողութեամբ Հայաստանի ու Արցախի մէջ շարունակուող Համազգայինի ուսանողական համախմբումին՝ Ֆորումին կողքին, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կազմակերպուող երիտասարդական մշակութային ցանց- հաւաքը՝ Արթլինքսը, այս տարի ունեցաւ իր Եւրոպական տարբերակը Իւթլինքս, որ անդրանիկ իր հաւաքով, յաջողեցաւ համախմբել, արեւմտեան ու արեւելեան Եւրոպայէն երիտասարդ ուսանողներ, որոնք Համազգայինի շնորհիւ առիթ ունեցան հանրայայտ հայ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու մատուցած աշխատանոցներուն եւ հանդիպումներուն միջոցով ծանօթանալու հայ մշակոյթին, ու մշակոյթի ճամբով աւելի մօտ աղերս ունենալու իրենց հայկական արմատներուն հետ։
Տասնամեակ մը առաջ դադրած Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին փոխարինած է Հայրենագիտական նիւթերու մանկավարժ ուսուցիչներու եւ դպրոցական վարչագէտ տնօրէններու պատրաստութեան կրթանպաստներու ծրագիրը։
Համազգայինի գրական «Բագին» պաշտօնաթերթը, ժամանակին հետ քայլ պահելով, հինին ու դասականին կողքին կը մատուցէ նորն ու արդի գրականութիւնը, որուն էջերուն մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ իմացական աշխարհն ու արուեստը։
Արուեստի գործերու ծանօթացման ու տարածման մէջ վերջին տասնամեակին մեծ աշխատանք տարած է նաեւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցադրասրահը։
Իսկ Համազգայինը երկրորդ հազարամեակին երկրորդ տասնամեակի սեմին, մեկնարկը կը յայտարարէ իր Համացանցային բեմին, որ վերացական աշխարհ մը ըլլալով հանդերձ պիտի ստեղծէ շօշափելի կամուրջներ, աշխարհացրիւ արուեստագէտներու ու մտաւորականներու միջեւ։ Համացանցային այս հարթակին, էյչ-բեմին գլխաւոր նպատակն է հասնիլ մասնաւորաբար սփիւռքահայ երիտասարդներուն, հայախօս թէ՛ օտարախօս, անոնց հաղորդակից դարձնել հայ մշակոյթին, ծանօթացնելով արուեստի տարբեր ոլորտներ, արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ, փոխանցելով հայրենիքի եւ սփիւռքի մշակութային ու կրթական կեանքին առնչուող լուրեր ու տեղեկութիւններ, եւ այդ բոլորին մասին կատարելով քննարկումներ եւ ծաւալելով զրոյցներ։ Համացանցային այս հարթակը՝ կայքը, հայերէն նիւթեր ունենալու կողքին, բնականաբար պիտի ներկայացուի անգլերէնով, որ միաժամանակ առիթ պիտի ընձեռէ հետագային Հայերէնի առցանց ուսուցման։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան այս բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն մասին վստահ եմ ձեզմէ շատեր տեղեակ էին, սակայն այս բոլորին թուարկումը պարզապէս մեզի կը թելադրէ ժամանակին հետ քայլ պահելու անհրաժշետութիւնը։
Սիրելինե՛ր, այսօր որքան ալ փորձենք մեր առաքելութիւնը շարունակել աւանդական ձեւերով, չենք կրնար չօգտուիլ արհեստագիտութեան բարիքներէն, չենք կրնար չօգտագործել անոր ընձեռած կարելիութիւնները: Եթէ 3-4 տասնամեակ առաջ համակարգիչն էր նորարարութիւնը, իսկ 2 տասնամեակ առաջ համացանցը, վերջին այս տասնամեակին աշխարհը կլանուած է հասարակական հաղորդակցութեան ցանցին կամ միջոցներուն մէջ, որմէ դուրս մնալը այսօր պարզապէս անկարելի է։ Ընդունինք կամ ոչ, այսօր մենք պէտք է ներկայ ըլլանք հոն, մեր աշխատանքներուն քարոզչութիւնը կատարենք այդ միջոցով, մեր շուրջ նորեկներ հաւաքենք նաեւ այդ ճամբով, պէտք է խօսինք այդ լեզուով, իսկ այդ լեզուին կը տիրապետէ նոր սերունդը՝ մեր պատանիներն ու երիտասարդները։
Այո, հինը միշտ արժէքաւոր է, սակայն նորը միշտ անհրաժեշտ է։ Համազգայինի շարքերու երիտասարդականացումը եւ 21-րդ դարու գործիքներով գործունէութիւն ծաւալելը այսօր հրամայական են։
Միջին Արեւելքի մէջ, ուր մենք այսօր բազում դժուարութիւններ ունենալով հանդերձ, կ’ապրինք ու կը գործենք հայօրէն, առանց վայրկեան մ’իսկ մտածելու, որ հայօրէն ապրելու մեր այս կարելիութիւնը շռայլութիւն է։ Թերեւս կը գիտակցինք, որ բախտաւորութիւն է, որ ցեղասպանութենէն ետք, 4-րդ, 5-րդ սերունդը ինքնաբերաբար հայախօս ըլլալու կարելիութեամբ կը ծնի երկրագունդի այս կողմը, սակայն կացութիւնը միշտ այսպէս կրնայ չմնալ։ Յոռետեսութիւն չէ այս, այլ պարզապէս իրատեսութիւն։ Վերջին քառասնամեակին, Լիբանանի քաղաքացիական երկար պատերազմը, շուտով ութը տարին բոլորող սուրիական տագնապը, նոր փորձաքարի ենթարկեցին մեզ եւ մեր կառոյցները։
28 Մայիս 1928-ին, Շանթ կը բարձրաձայնէ իր մտահոգութիւնը, թէ օտար գաղութներու մէջ, շրջապատի այլասերող եւ ապազգայնացնող հազար ու մէկ վտանգներուն մէջ ինչպէ՞ս կրնայ նոր սերունդը հայ ըլլալ եւ անկախութեան պայքար մղել։ Մանաւանդ ինչպէ՞ս պէտք է հոգիով Հայ մնայ… եթէ կը կարծենք, որ 90 տարի առաջ պայմանները նուազ նպաստաւոր էին ու վտանգը աւելի մեծ, կը սխալինք։ Պայմանները միշտ եղած են անբարենպաստ, թերեւս երբեմն համեմատաբար աւելի հանգիստ յարմարութիւններով ու լայն կարելիութիւններով օժտուած ենք, սակայն ընդհանրապէս մեր պայմանները եղած են համեստ ու դժուար։ Դուք կրնաք վկայել, որ անցնող տարիներուն ինչպիսի՞ պայմաններու մէջ, ի՞նչ վտանգներով հանդերձ այստեղ տոկաց հայ ժողովուրդը, կենաց մահու պայքար մղեց ու գոյատեւեց, ու այսօր լիայոյս անցած է վերականգնումի աշխատանքներուն։
Մենք պէտք է մի՛շտ պատրաստ ըլլանք աւելի դժուարին։ Սուրիահայութիւնը, անկէ աւելի առաջ լիբանանահայութիւնը անցնող տարիներուն լաւագոյն օրինակները տուին համայն հայ ժողովուրդին։ Տեղացող հրթիռներն ու փամփուշտները, չկասեցուցին մեր պարերու սլացքը, ականներու պայթիւնները չխլացուցին մեր մեղեդիները, փուլ եկող շէնքերը չլռեցուցին մեր երգերը, մոխրագոյն պատկերները չմթագնեցին մեր գեղանկարները, արեան շիթերը չլուացին մեր մելանահոս էջերը, քաղաքական վէճերը չանդամալուծեցին մեր թատրոնը, թշնամանքի ու ատելութեան քամին չմարեց մեր դպրութեան ջահը։ Մենք շարունակեցինք ստեղծագործել ու ապրիլ արուեստով, տէր կանգնելով մեր մշակոյթին ու արթուն պահակը հանդիսանալով մեր դպրոցներուն։ Ժամանակն է զինուիլ դարու զէնքերով։ Դարը արհեստագիտութեան դար ըլլալու կողքին, նաեւ դարն է արհեստավարժութեան, գիտելիքներու կատարելագործման ու ինքնազարգացման։ Այո, Համազգայինը կամաւորներու այն բանակն է, որ իր շարքերուն մէջ ունի արհեստավարժ մասնագէտներ, սակայն միաժամանակ Համազգայինը այն յարմար միջավայրն է, ուր կեանքի ասպարէզի կողքին գոհացում կու տանք մեր արուեստի ու մշակութային սիրողական հակումներուն ու նախասիրութիւններուն, այսինքն Համազգայինի մէջ տեղ ունին բոլորը։ Բոլոր անոնք, որոնք կը գիտակցին, որ Համազգայինը իր հարիւրամեակին պէտք է նախապատրաստուի երիտասարդ, յանձնառու, արթնամիտ ու պատրաստակամ շարքերով։ Այս վճռակամութեամբ հաստատ քայլերով յառաջանանք դէպի հարիւրամեակ։
«Գանձասար»
Հալէպ 9-12-2018
