Տրամադրուած Ենք Կառուցողական Երկխօսութեան Հայաստանի Նոր Խորհրդարանի եւ Կառավարութեան Հետ․ ՌԴ ԱԳՆ
Տրամադրուած ենք կառուցողական երկխօսութեան Հայաստանի նոր խորհրդարանի եւ կառավարութեան հետ, այսօր՝ Դեկտեմբեր 13-ին, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ խօսնակ Մարիա Զախարովա: Սա Մոսկուաի առաջին պաշտօնական արձագանգն է հայաստանեան ընտրութիւններուն մասին:
Նշելով, որ «Ռուսիոյ համար բարեկամական երկրին մէջ» ընտրութիւններ տեղի ունեցած են եւ ատոնց հետեւած են դիտորդներ Ռուսիայէն` Զախարովա ըսած է, որ անոնք անցած են «օրէնսդրութեան համաձայն», «լուրջ կամ ըտրութիւններու արդիւնքներու վրայ ազեդցութիւն ունեցող ընտրախախտումներու» մասին չէ հաղորդուած:
«Տրամադրուած ենք կառուցողական երկխօսութեան Հայաստանի նոր խորհրդարանի եւ կառավարութեան հետ»,- ըսած է Զախարովա:
