Պատմական Տօնախմբութիւն Արեւմտեան Թեմի 45-ամեակին Առիթով

Սփիւռք

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6-ին, առաւել քան 700 հանդիսականներու  ներկայութեամբ, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ մէջ, համերգով եւ հանդիսութեամբ, արժանավայելօրէն տօնախմբուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկեան կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմի հիմնադրութեան 60ամեակին ու Արեւմտեան թեմի հաստատման 45-ամեակին զոյգ յոբելեանները։

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ու Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համերգին, յատկապէս հրաւիրուած էր հայաստանաբնակ հանրածանօթ թենոր Գէորգ Հաճեան, որուն ելոյթին՝ դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Յովսէփ Թորոսեան։

Տօնախմբութեան մասնակից էր նաեւ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի նորակազմ երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ դոկտ. Էլիպս Մասեհեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Ալեն Տիշիգրիքեանի։ Երգչախումբին մաս կազմեցին թեմի եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամներ։

Պաշտօնական հիւրերուն շարքին էին թեմի նախկին առաջնորդներէն Եփրեմ արք. Թապագեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Հայ Աւետարանական միութեան հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի եւ Կեդրոնական կոմիտէի, Հայ Դատի, ՀՕՄ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, եւ հայկական այլ միութեանց ու կազմակերպութեանց, ծխական շրջաններու եւ Ազգային վարժարաններու ներկայացուցիչներ, Ազգային առաջնորդարանի ու գաղութի բարերարներ ու թեմի եկեղեցւոյ ու Կիլիկեան Ս. աթոռին հաւատարիմ բազմահարիւր հաւատացեալներ։

Երեկոն սկսաւ առաջնորդ սրբազանին ու հոգեւորականաց դասու անդամներուն սրահ մուտքով։ Առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան արտասանեց բացման խօսքը։ Ան առաջին հերթին կանգ առաւ յոբելենական այս առիթին վրայ, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի պահպանէ մեր եկեղեցին ու ժողովուրդը, ողջոյնի խօսք ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, թեմակալ առաջնորդ սրբազանին եւ յարգանք արտայայտեց նախկին առաջնորդներուն։ Ողջունելով ներկաները՝ ան նշեց, որ եկեղեցին ու հոգեւորականները կոչուած են ծառայութեան ճամբով կենսագործելու Քրիստոսի ուղին, իսկ եկեղեցին, Ս. աթոռն ու թեմը նոյնինքն ժողովուրդն են։ Ապա, հրաւէր ուղղեց բոլորին մասնակից ըլլալու եկեղեցւոյ կեանքին ու տարածել սէր։

Երգչախումբը մատուցեց Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք, առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ եւ հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ, աղօթք բարձրացուեցաւ 30 տարի առաջ Հայաստանը հարուածած երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ թեմի նուիրեալ հոգեւորական թէ աշխարհական ծառայողներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։

Համերգը զարգացաւ երեք բաժիններով։ Առաջին բաժինով, երգչախումբը ներկայացուց չորս շարականներ եւ հոգեւոր երգեր։ Մենակատարը՝ Գէորգ Հաճեան, հանդէս եկաւ երգերու երկու բաժինով, որոնք հայկական դասական ու ժողովրդային երգերու փունջ մըն էին, քաղուած՝ Սայաթ Նովայի, Կոմիտասի եւ 20-րդ դարու հայ երգահաններու անդաստաններէն։

Նաեւ ցուցադրուեցաւ առաջնորդարանի 45 տարիներու վաստակն ու ծառայական առաքելութիւնը ամփոփող ժապաւէն մը։

Ապա, առաջնորդը ուղղեց իր պատգամը, առաջին հերթին ողջունելով պաշտօնական հիւրերն ու կաթողիկոսութեան եւ թեմին հաւատարիմ՝ մշակութասէր ներկաները։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ գեղարուեստական այս մատուցումը իրականացնողներուն մասին, ողջոյնի ու յարգանքի խօսք ուղղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու թեմի կազմաւորման ու զարգացման մէջ բաժին ունեցող թեմակալ առաջնորդներուն ու հոգեւորական թէ աշխարհական սպասարկուներուն, ապա հանգամանօրէն անդրադարձաւ թեմին անցեալ 45 տարիներուն ազգօգուտ եւ հայրենանուէր բազմամակարդակ ծառայութիւններուն, վեր առնելով հոգեւոր դասուն եւ ժողովականութեան ճամբով, կազմակերպութեանց ու միութեանց հետ գործակցութեամբ իրագործումներ կերտողներուն վաստակը, շնորհակալութիւն յայտնելով բարերարներուն եւ բոլոր զօրակիցներուն։ Ան ընդգծեց, որ երթը նոյն սլացքով ու հաստատ կամքով պիտի շարունակուի հաւատքով, վերանորոգումի յանձնառութեամբ եւ բոլորին հետ սերտ գործակցութեամբ։

Երեկոն փակուեցաւ առաջնորդ սրբազանին Պահպանիչով եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։