Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք Նոր Կառավարութեան Կառուցողական Ներգրաւուածութեան․ Արամ Համբարեան
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի խօսքով` իրենք Դեկտեմբեր 9-ին կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները կ՛ողջունեն որպէս ժողովրդավարութեան յաղթանակ, որ ռազմավարական առումով պիտի արդիականացնէ ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները:
Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացին նշած է` Հայաստանն այսօր իր ժողովրդավարական զարգացմամբ զգալի յառաջընթաց կ՛ապրի տարածաշրջանի եւ նոյնիսկ` ողջ աշխարհի մակարդակով:
«Արդէն ժամանակն է, որ գործընթացի վրայ հիմնուած օգնութենէն (որու դրական արդիւնքները մենք անցնող տարիներուն տեսած ենք) ԱՄՆ-ն անցում կատարէ կարճաժամկէտ եւ միջնաժամկէտ ժամանակի մէջ մատակարարուելիք յստակ ապրանքներու»,- ըսած է ան:
Արամ Համբարեանի խօսքով` իրենց ամերիկեան առաջնահերթութիւնը այժմ պէտք է ըլլայ այս փոփոխութիւնները լծակներու միջոցով ամրապնդելը եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները նիւթապէս խորացնելն ու ընդլայնելը` Հարկային պայմանագրի եւ ընկերային ապահովութեան ընդհանուր համաձայնագրի ստորագրումով, առեւտրային յանձնառութիւններով, արտահանման խթանմամբ եւ Հայաստան-ԱՄՆ ուղիղ թռիչքներու եւ այլ երկկողմանի շահաւէտ նախաձեռնութիւններու միջոցով:
«Այս ոլորտներէն իւրաքանչիւրին մէջ եւ այլուր մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք նոր կառավարութեան կառուցողական ներգրաւուածութեան»,- ըսած է ան:
