Համազգայինի Թատրոնի Տնօրէն Վիգէն Չալդրանեան Կը Հրաժարի Իր Պաշտօնէն
Մշակոյթի նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի տնօրէն Վիգէն Չալդրանեան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12-ին հրաժարականի դիմում ներկայացուց:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 1-էն ի վեր թատրոնի ստեղծագործական կազմը եւ դերասանները գործադուլի մէջ են՝ պահանջելով թատրոնի տնօրէն Վիգէն Չալդրանեանի հրաժարականը: Չալդրանեան թատրոնի տնօրէն նշանակուած էր Դեկտեմբեր 2017-ին: Մինչեւ այս տարուան Նոյեմբեր 28, ան նաեւ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն էր: Նոյեմբեր 28-ին, Չալդրանեան գեղարուեստական ղեկավար նշանակած էր Սուրէն Շահվերդեանը, որ նոյնպէս Դեկտեմբեր 10-ին հրաժարականի դիմում ներկայացուց։
