Կանանց Նկատմամբ Բռնութեան եւ Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգիլման Թեմայով Խորհրդաժողով Երեւանի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Վիգէն Քոչարեան, այսօր, մասնակցած է «Հայաստանի մէջ կանանց նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլում եւ անոր դէմ պայքար» թեմայով խորհրդաժողովին: ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Եւրոպայի Խորհուրդի կազմակերպած հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Նաթալիա Վուդովան, ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարի տեղակալ Արսէն Մանուկեանը, ՀՀ ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան անչափահասներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի վարչութեան պետ Նելլի Դուրեանը, ՀՀ արդարադատութեան ակադեմիայի փոխ տնօրէն Անահիտ Մանասեանը, եւ ուրիշներ:

Արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Վիգէն Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնած է  Հայաստանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գրասենեակին եւ ընդգծած, որ ԵԽ-ն մշտապէս իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է Հայաստանի մէջ կանանց նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման ու անոր դէմ պայքարի ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն: Վ. Քոչարեանի խօսքով՝ վառ ապացոյց է 2018 Ապրիլին Եւրոպայի խորհուրդին կողմէ մեկնարկած «Կանանց նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլում եւ անոր դէմ պայքարը Հայաստանի մէջ» ծրագիրին իրականացումը, որուն նպատակն էր զարգացնել ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասնակցող հիմնական շահագրգիռ կառոյցներուն կարողութիւնները:

«Ինչպէս գիտէք, ուղիղ մէկ տարի առաջ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուեցաւ «Ընտանիքի մէջ բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքի մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքի մէջ համերաշխութեան վերականգնման մասին» օրէնքը, որ ուժի մէջ մտաւ այս տարուան Յունուարին: Աւելորդ չէ նշել, որ այս օրէնքին ընդունման ճանապարհը բարդ էր եւ առկայ էին որոշ խոչընդոտներ, մասնաւորապէս, կը տարածուէին տարատեսակ թիւրըմբռնումներ օրէնքի կարգաւորման շրջանակին եւ բնոյթին վերաբերեալ: Հակառակ անոր մենք յաջողեցանք ընդունիլ օրէնքը, որ նախապայմաններ ստեղծեց այս ոլորտէն ներս մեր յետագայ քայլերուն համար»- նշած  է նախարարի տեղակալը:

Վիգէն Քոչարեան նաեւ անդրադարձած է օրէնքի բովանդակութեան՝ նշելով, որ անիկա կը  կարգաւորէ ընտանիքի մէջ բռնութեան կանխարգիլման եւ ընտանիքի մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան կազմակերպաիրաւական հիմքերը, կը սահմանէ ընտանիքի մէջ բռնութեան հասկացութիւնը, ընտանիքի մէջ բռնութեան կանխարգիլման եւ ընտանիքի մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս իրաւասու մարմիններու լիազօրութիւնները, պաշտպանութեան միջոցներու տեսակները, անոնց կիրառման հիմքերը, ընտանիքի մէջ բռնութեան ենթարկուած եւ ընտանիքի մէջ  բռնութիւն գործադրած անձերու հաշտեցման, ընտանիքի մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու վերաբերեալ տեղեկութիւններու իրաւական պաշտպանութեան առանձնայատկութիւնները:

Այս ծիրէն ներս՝ փոխնախարար Քոչարեան համոզուած է, որ օրէնքիի ընդունումը դեռ առաջին քայլն է, պէտք է ստեղծուին օրէնքը լիարժէք կիրառելու ենթաօրէնսդրական հիմքեր եւ ճկուն համագործակցութեան հնարաւորութիւններ:

Խորհրդաժողովին ներկայացուած են նաեւ ոլորտին վերաբերուղ ԵԽ չափանիշները, կանանց նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի եւ կանխարգիլման փորձը: