ԵՄ-ն Հայաստանի Մէջ Տնտեսական Առանցքային Բարեփոխումներու Իրականացման Նպատակով 7,5 Միլիոն Եւրօ Պիտի Յատկացնէ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կը նախատեսուի ստորագրել «Հայաստանի հետ ճարտարագիտական համագործակցութեան գործիք» ֆինանսաւորման համաձայնագիրը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ համաձայնագիրի ստորագրման նպատակայարմարութեան մասին որոշման նախագիծը արժանացաւ կառավարութեան հաւանութեան: Համաձայն հիմնաւորման՝ փաստաթուղթին նպատակն է տնտեսական առանցքային բարեփոխումներու հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւն ցուցաբերել շարք մը ոլորտներու մէջ։

Համաձայնագիրով նախատեսուած է տրամադրել ճարտարագիտական աջակցութիւն, մասնաւորապէս, հետեւեալ ոլորտներով` տնտեսական կառավարում, պետական եւ մասնաւոր ներդրումներու ներգրաւում, գործարար եւ ներդրումային միջավայր, առեւտուրի եւ շուկայի հնարաւորութիւններ, հաղորդակցութիւն եւ ուժաբանութիւն:

Համաձայնագիրով նախատեսուած ճարտարագիտական աջակցութիւնը կը նախատեսուի տրամադրել, նաեւ Թուինինկ ծրագիրներու միջոցով, որոնք կրնան նաեւ կիրառուիլ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի եւ Հայաստանի հետ գործընկերութեան առաջնահերթութիւններու իրականացման համար կարեւոր համարուող այլ ոլորտներու մէջ։

Համաձայնագիրը կը ֆինանսաւորուի ԵՄ պիւտճէէն` Եւրոպական հարեւանութեան գործիքի ծիրէն ներս: Ծրագիրին ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 7,5 միլիոն եւրօ:

Համաձայնագիրի իրականացման ժամանակահատուածը կը կազմէ 66 ամիս: