ԵՄ-ն Հայաստանի Մէջ Նորարարութեան Զարգացման Նպատակով 26 Միլիոն Եւրօ Պիտի Յատկացնէ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կը նախատեսուի ստորագրել «Հայաստանի մէջ «ԵՄ-ն նորարարութեան համար» նախաձեռնութիւն. կրթութեան բարելաւում՝ յատկապէս գիտութեան, ճարտարարուեստի, ճարտարագիտութեան եւ մաթեմաթիքայի ոլորտներու մէջ» ֆինանսաւորման համաձայնագիրը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է համաձայնագիրի ստորագրման մասին նախագիծին:

Ըստ հիմնաւորման, համաձայնագիրին նպատակն է վերացնել աշխատաշուկայի կարիքներու եւ երկրի կրթական համակարգի արդիւնքներու միջեւ անջրպետը, կրթական համակարգին մէջ ներդնել կրթական ճարտարագիտութիւններու առկայութիւն եւ դասաւանդման ժամանակակից մօտեցումներ եւ շարունակել զարգացնել մարդկային դրամագլուխը։

Համաձայնագիրով նախատեսուած է ԹՈՒՄՕ-ի հետ համագործակցութեամբ տրամադրել աջակցութիւն «ԵՄ-ն նորարարութեան համար. ԹՈՒՄՕ կեդրոն»-ի ստեղծման, որ ԳՃՃՄ (գիտութիւն, ճարտարարուեստ, ճարտարագիտութիւն, մաթեմաթիքա) ոլորտի ուսանողներուն իրենց մասնագիտական ոլորտին վերաբերեալ գործնական փորձառութիւն ձեռք բերելու համար հարթակ պիտի տրամադրէ։ Ծրագիրը նաեւ պիտի աջակցի մարզերու մէջ ԳՃՃՄ առարկաներու դասաւանդման եւ ուսուցման գործընթացներու ամրապնդման։

Համաձայնագիրով նախատեսուող ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի ԵՄ պիւտճէէն` Եւրոպական հարեւանութեան գործիքի ծիրէն ներս: Ծրագիրին ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 26,125 միլիոն եւրօ:

Կ՝ակնկալուի, որ համաձայնագիրին իրականացումը պիտի նպաստէ Հայաստանի զարգացման՝ կրթական համակարգի տարբեր մակարդակներու վրայ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ԳՃՃՄ կրթութեան որակին։