ՊՆ-ն Նպատակ Ունի Զինուած Ուժերուն Մէջ Ներդնել Նոր Սարքաւորումներով Արդիականացուած Ճաշարանային Համալիրներ
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը նպատակ ունի Զինուած ուժերուն մէջ ներդնել արդիականացուած ճաշարանային համալիրներ, վերազինուած նոր սարքաւորումներով եւ անհրաժեշտ գոյքով, ուր զինծառայողներուն պիտի մատուցուի սնունդ, որոնց կարգին՝ դաշտային պայմաններու եւ մարտական հերթապահութեան դիրքերուն մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին ըսուած է նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ՝ հնարաւոր գործընկերներ բացայայտել փորձնական ծրագիրով:
Ծրագրին նպատակն է ապահովել սնունդի բազմազանութիւն, որակ եւ անհրաժեշտ ձերմուժ` պահպանելով ՀՀ կառավարութեան 2015 թուականի Դեկտեմբեր 3–ի N 1456-ն որոշմամբ սահմանուած ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան համակարգի զինծառայողներու պարէնային ապահովութեան կարգը եւ չափաքանակները:
Նշուած նպատակի իրագործման համար կիրականացուի փորձնական ծրագիր` միջինը 8000 զինծառայողներու համար սնունդի կազմակերպման գործընթացը մասնաւոր գործընկերոջը պատուիրակելու, ինչպէս նաեւ այդ ծրագրի տեխնիկական առաջադրանքի եւ ֆինանսական գնահատականի յստակեցման նպատակով:
ՀՀ ՊՆ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ ներկայացուած են նաեւ փորձնական ծրագրին մասնակցելու պայմանները: Ցանկացած անձ, անկախ անոր օտարերկրեայ ֆիզիկական անձ, կազմակերպութիւն կամ քաղաքացիութիւն չունեցող անձ ըլլալու հանգամանքէն, ունի փորձնական ծրագրին մասնակցելու հաւասար իրաւունք։ Կան սակայն բացառութիւններ։
Որեւէ երկրի քաղաքացի հանդիսացող անձի (անձերու) մասնակցութիւնը կրնայ սահմանափակուիլ, եթէ ատիկա անհրաժեշտ է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան կամ պաշտպանութեան ապահովման համար:
Յայտարարութեան մէջ ներկայացուած են պարզաբանում ստանալու, ծրագրին մասնակցելու յայտ ներկայացնելու կարգը:
