Նիքոլա Ազնաւուրը Մասնակցած է ՀՀ ԱԺ Արտահերթ Ընտրութիւններուն

Հայաստան, Սփիւռք

Շառլ Ազնաւուրի կրտսեր որդին` Նիքոլա Ազնաւուր մասնակցած է Դեկտեմբեր 9ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութեան: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է «Նուվել տ’Արմենի» հանդէսի լրագրող ժան էքեան:

«Շառլ Ազնաւուրի փոքր որդին՝ Նիկոլ Ազնաւուրը, որ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի երկքաղաքացի է, երէկ քուէարկած է Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնց արդիւնքով յաղթած է «թաւշեայ յեղափոխութեան» հերոս Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած քաղաքական ուժը»,- գրած է ան: