ԵՄ-ն Պատրաստակամութիւն Յայտնած է Աշխատելու Հայաստանի Նոր Խորհրդարանին եւ Ապագայ Կառավարութեան Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոմիութիւնը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները կարեւոր քայլ կը համարէ երկրին մէջ ընտրական գործընթացի նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման տեսանկիւնէ: Այս մասին կ՛ըսուի Եւրայանձնաժողովի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով խօսնակ Մայա Կոսիյանչիչի յայտարարութեան մէջ:

«Ինչպէս կը նշուի միջազգային դիտորդական առաքելութեան յայտարարութեան մէջ` այս ընտրութիւնները անցած են` «յարգելով հիմնարար ազատութիւնները եւ վայելած են լայն հանրութեան վստահութիւնը, ինչ որ պէտք է պահպանուի յառաջիկայ ընտրական բարեփոխումներու ժամանակ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

ԵՄ-ն կ՛ակնկալէ շարունակել ջանքերը` յանուն երկրի ապագայ ժողովրդավարացման ու արդիականացման:

«Մենք կ՛ակնկալենք աշխատիլ ժողովրդավարական ընտրուած նոր խորհրդարանի եւ ապագայ կառավարութեան հետ` խորացնելու մեր քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնները` հիմնուած ԵՄ-Հայաստան համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագրի յանձնառութիւններուն վրայ»,- կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: