Սպիտակի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցի Յիշատակում Զահլէի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի 2 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Զահլէի Հայ Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Օրհնութեամբ Լիբանանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Նարեկ Արք.Ալեէմէզեանի, կազմակերպութեամբ «Արծիւ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, հովանաւորութեամբ ճաշարան «Արեւ»-ի եւ նախագահութեամբ Տիար Ճորճ Պուչիկեանի՝ յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ի յիշատակ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին:

«Արծիւ»-ի խմբագրութեան անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան: Ան անդրադարձաւ Սպիտակի երկրաշարժին պատճառով հայրենի ժողովուրդին ունեցած մեծաթիւ զոհերուն, արձանագրուած հսկայական աւերին եւ հայ ժողովուրդի կրած մեծ տառապանքին: Հաւաթեան հայ ժողովուրդի վերականգնումը նկատեց կենդանի իրողութիւն եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն թիկունք կանգնելու հայրենիքին՝ միշտ հզօր Հայաստան ունենալու տեսիլքով:

Արաբերէն լեզուով կարճ խօսք մը արտասանեց Տիկ. Ռիթա Պագալեան, որ ողջունեց ներկաները եւ հայրենի երգչուհին՝ մաղթելով, որ հայութիւնը կարենայ միացեալ ջանքերով հզօրացնել անկախ Հայաստանը:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ երկրաշարժին նուիրուած ամփոփ տեսաերիզ մը:

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ հայրենի երիտասարդ երգչուհի Քրիստինա Սահակեան, որ ելոյթ ունեցաւ հայկական այլազան բնոյթի երգացանկով մը՝ արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին: Երգչուհին կատարեց աշուղական, ժողովրդական, հայրենասիրական եւ ազգագրական երգերու փունջ մը՝ կիթառի ընկերակցութեամբ՝ խանդավառելով ներկաները: Առաջին անգամ ըլլալով երգչուհին կատարեց նաեւ երկու համշէնական երգեր:

Ձեռնարկիի աւարտին, փակման խօսքով հանդէս եկաւ Վարուժան Արք. Հերկելեան, որ գնահատեց Զահլէի հայութիւնը այս ձեռնարկը կազմակերպելու համար, որպէսզի յիշենք եւ յիշեցնենք մեր հայ նահատակները, որոնք պէտք է արժանանան մեր բոլորի յարգանքին:

Սրբազանը կոչ ըրաւ։ որ նոր սերունդը առողջ դաստիարակուի, տէր կանգնի իր պատմութեան եւ մշակոյթին եւ մանաւանդ կենդանի պահէ հայ հոգին:

Յայտնենք, որ հայրենի երգչուհին մենահամերգով մը հանդէս պիտի գայ Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին օրը՝ Ուրբաթ 7 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, Այնճարի ճաշարան «Արեւ»-ի մեծ սրահին մէջ: