
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպում տիկին Մարիա Քոլիա Ցարուխասի հետ
Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս, Հինգշաբթի՝ 29 Նոյեմբեր 2018-ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայացնող եռանդամ պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան փոխ նախարար տիկին Մարիա Քոլիա-Ցարուխասի հետ։ Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Սերգօ Գույումճեանէ եւ անդամներ ընկերներ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանէ եւ Յակոբ Յովակիմեանէ։
Փոխ-նախարարուհիի ուշադրութեան յանձնուեցան Յունաստանի հայկական գաղութին, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Յանձնախումբին առաջնահերթութիւններն ու ակնկալիքները։
Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ տարիներէ ի վեր շարունակուող գործակցութեան բարձր մակարդակին համար։ Մանրամասնօրէն քննարկուեցան նաեւ ապագայի հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր։ Տիկին Մարիա Քոլիա-Ցարուխա իր զօրակցութիւնը յայտնեց, ինչպէս նաեւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փ. Քամէնոսի գործակցութեան բարձր ոգին՝ Հայաստանի եւ հայութեան հարցերուն վերաբերեալ։