
ՀՅԴ-ն Կը Զօրակցի Կլիմայի Փոփոխութեան Վտանգին Դէմ Պայքարելու Ընկերվար Միջազգայնականի Կոչին
Ընկերվար Միջազգայնականը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ կլիմայի փոփոխութեան վտանգին եւ կոչ կ՛ընէ միջազգային ընտանիքին եւ քաղաքացիական հասարակութեան՝ միաւորելու միասնական ջանքերը յանուն համաշխարհային կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման: Փաստաթուղթը ստորագրած են նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ, կազմակերպութեան փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան:
«Մենք կը դատապարտենք աշխարհի պահպանողական եւ ամբոխահաճոյ շրջանակները, որոնք պարբերաբար կը խոչընդոտեն կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի ջանքերը: Անոնց շարժառիթները կը համընկնին շահերուն հետ նաւթակազային հզօր արդիւնաբերութեանց, որոնք ուժեղ լոպիյինկ կը կատարեն միջավայրը պաշտպանող կարգաւորման դէմ, որ կրնայ կրճատել իրենց եկամուտները: Մենք բոլորին կոչ կ՛ընենք՝ նուազագոյնի հասցնելու համաշխարհային ջերմացման աղիտալի հետեւանքները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ընկերվար Միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր երկրամասերէն առաւել քան 130 երկիրներու շուրջ 150 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Կազմակերպութեան մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան կազմակերպութեան փոխնախագահն է: ՀՅԴ-ի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY):