
Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Ընդգրկուած է Աւստրալիոյ Խորհրդարանի Քննարկումներուն Մէջ
Աւստրալիոյ խորհրդարանը պիտի քննարկէ բանաձեւ, որ նուիրուած է ՄԱԿ–ի կողմէ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ դրապատժի համար հռչակագրի ընդունման70-ամեակին, եւ որ նաեւ պիտի անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրալիոյ հայ դատի յանձնախումբը:
Փաստաթուղթը ներկայացուած է խորհրդարանին` հայկական արմատներով պատգամաւոր Թիմ Ուիլսընի կողմէ: Ան կոչ կ՛ընէ «բոլոր երկիրներուն, որոնց շարքին նաեւ Աւստրալիոյ, ընդունելու զգօն ըլլալու անհրաժեշտութիւնը եւ գործել անցեալի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնները ճանչնալու համար, ինչ որ կարեւոր է ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու հարմար»:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան նշած է, որ բանաձեւի քննարկման դրական արդիւնքը հնարաւորութիւն կու տայ ապահովել Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ ճանաչումը այն փաստին, որ բառախաղը այլեւս տեղ չունի:
«Այս փաստաթուղթը ցեղասպանութիւն բառը կը պարունակէ եւ այն, ինչ տեղի ունեցած է հայերուն հետ, անքակտելիօրէն կապուած է այս բառի ստեղծման հետ»,- ըսած է Կայսերեան: