
Գամիշլիի Մէջ Ահաբեկչական Պայթում
Այսօր առաւօտուն, Գամիշլիի «Քորնիշ» փողոցին մէջ ահաբեկիչներու կողմէ շրջանի պարտէզներէն մէկուն մէջ տեղադրուած ռումբի մը պայթումին հետեւանքով, տեղւոյն պաշտպանական ջոկատներէն վիրաւորուեցաւ երկու հոգի: Վիրաւորները տեղափոխուեցան հիւանդանոց: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։