
ՌԴ-ի Մէջ Բնակող Ազատամարտիկները Վրդովուած են Փաշինեանի Յայտարարութենէն
Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ բնակող ազատամարտիկներու յանձնախումբին բաց նամակը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին.
«Յարգելի պարոն Փաշինեան.
Մեր վրդովմունքն ու հիասթափութիւնը կը յայտնենք ձեր կողմէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի եւ անոր մարտական ընկերներու հասցէին հնչեցուցած արտայայտութիւններուն վերաբերեալ: Ոչ ոք իրաւունք ունի վարկաբեկելու եւ վիրաւորելու Հայաստանի անկախացման եւ Արցախի ազատագրման գործին մէջ հսկայական աւանդ ունեցող ազգային եւ քաղաքական գործիչ Հրանդ Մարգարեանն ու անոր հետ մարտական ուղի անցած ազատամարտիկները:
Նոյն Հրանդ Մարգարեանն էր, որ ազատամարտի առաջին իսկ օրերէն կը զբաղէր Արցախի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումով, համակարգին մէջ մարտական ջոկատներու համալրման եւ սպառազինութեան աշխատանքները: Նոյն այդ տղաներն էին, որոնք իրենց կեանքի գնով կը կերտէին մեր պետականութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Հրանդ Մարգարեանը ընդամէնը ահազանգած է,˒ որ Հայաստանը սպառազինութեան հետ կապուած խնդիրներ ունի, որ պէտք չէ Ազատագրական պայքարը պաշտպանողներուն սպառնալ եւ հեղինակազրկել՝ ատով արժեզրկելով նոյնինքն Ազատամարտը, որ եթէ մեղադրանքներ կան, թող հնչեցուին յստակ անուններ, որ քանի մը քուէի համար չարժէ հասարակութիւնը մասնատել…
Յարգելի պարոն Փաշինեան, Ազատագրական պայքարը այն արժէքն է, որ ոչ համեմատութեան, եւ ոչ ալ սակարկելու ենթակայ է: Յորդորեցէք ձեր խումբին՝ չարժէզրկել այդ բարձրագոյն արժէքը. անիկա անգին է, քանզի ձեռք բերուած է մեր հազարաւոր ընկերներու կեանքի ու արեան գնով:
Աւելի քան վեց ամիս է, դուք ո՛չ թէ ընդդիմադիր պատգամաւոր էք կամ լրագրող, այլ կը հանդիսանաք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ ներկայացնելով Հայաստանը ողջ աշխարհի մէջ: Կը խնդրենք, զերծ մնաք հասարակութիւնը սեւերու եւ սպիտակներու, չարերու եւ բարիներու, ժողովուրդն ու անոր թշնամիները տրոհելէ: Արտաքին վտանգներն ու ներքին սպառնալիքները մեզմէ համախմբուածութիւն կը պահանջեն…
Կ՝ակնկալենք, որ ճիշդ հետեւութիւններ կ’ընէք եւ այսուհետեւ քարոզարշաւը կը պահէք քաղաքական բանավէճի եւ երկխօսութեան ծիրին մէջ:
Յարգանքով` Արցախեան Ազատամարտի մասնակիցներ
Յ.Գ. Վստահ ենք՝ այս արդար յորդորին կը միանան նաեւ հարիւրաւոր ազատամարտիկներ Արցախէն, Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն
- Ս. Անտոնեան
2. Ս. Աւետիսեան
3. Ռ. Այվազեան
4. Վ. Աւանեսեան
5. Ա. Առուստամեան
6. Ա. Բիլեան
7. Ա. Բաբայեան
8. Շ. Թադեւոսեան
9. Ա. Հայրապետեան
10. Մ. Յարութիւնեան
11. Ս. Մելիքսէթեան
12. Գ. Մկրտչեան
13. Մ. Մանասեան
14. Ռ. Մանուկեան
15. Ա. Պետրոսեան
16. Վ. Պողոսեան
17. Հ. Սեփոյեան
18. Գ. Սիմոնեան
19. Ա. Նաւասարդեան
20. Կ. Փայտեան