
Թուրքիոյ Օդուժը Հրթիռակոծած է PKK-ի Դիրքերը
Նոյեմբեր 30-ին, Թուրքիոյ օդուժը գործողութիւն մը իրականացուցած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) յենակէտերուն ուղղութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Sabah-ը։
Հրթիռակոծուած են Հաքուրք, Աւաշին-Պասեան, Կարա, Հաֆթանին եւ Մետինա շրջանները։ Գործողութեան հետեւանքով սպաննուած է 14 քիւրտ զինեալ։
Օդային գործողութիւն իրականացնելու մասին լուրը յայտնած է Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը՝ Twitter-ի իր էջով։
Յիշեցնենք, որ PKK-ն Թուրքիոյ մէջ կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն։ Վերջինիս դէմ ռազմական գործողութիւններ կ՝ընթանան թէ՛ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, թէ՛ դուրս։ Հիւսիսային Իրաքի մէջ PKK-ն ունի շարք մը յենակէտեր։ Այնտեղ կը գտնուի PKK-ի գլխաւոր ռազմակայանը։