
Էջմիածինի Մէջ 174,290.6 Քմ. Տարածք Կը Վերադարձուի Համայնքներուն
Էջմիածինի մէջ, 174,290.6 քառակուսի մեթր (քմ.) տարածք կը վերադարձուի համայնքներուն՝ Մանուէլ Գրիգորեանի քրէական գործին միջոցաւ:
«Հաւանաբար, ձեզմէջ շատերը լրատուամիջոցներէն տեղեկացած են, որ Մանուէլ Գրիգորեանի դէմ յարուցուած քրէական գործին ծիրէն ներս՝ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը դիմած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն՝ 40 գոյք համայնքներուն վերադարձնելու առաջարկով:
Կը յայտնեմ ձեզ, որ ՏԿԶՆ-ի հետ արդէն սկսած է համապատասխան իրաւական մեքենականութիւններ մշակելու եւ գրութեան մէջ նշուած անշարժ գոյքը համայնքներուն վերադարձնելու ուղիներ գտնելու գործընթացը:
Էջմիածին քաղաքին մէջ խօսքը կը վերաբերի (ի դէպ՝ առայժմ) ընդհանուր 174,290.6 քմ. տարածքի: Մենք խոստացած ենք, որ ժողովուրդէն գողցուածը կոպեկ-կոպեկ պիտի վերադարձուի վերջինիս եւ հետամուտ ենք այդ խոստման իրագործման»,- դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Էջմիածինի (Վաղարշապատ) քաղաքապետ Տիանա Գասպարեան: