Պաղտատի Մէջ՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ֆութպոլի Եկեղեցական Խումբերու Մրցում

Սփիւռք

Նոյեմբեր 20 -ին, հովանաւորութեամբ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի, Պաղտատի մէջ կայացաւ «Խաղաղութիւն Եւ Սէր» խորագիրով ֆութպոլի եկեղեցական խումբերու մրցումը՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին:

Պաղտատի 10 եկեղեցիներու մարզական խումբերուն մէջ առաջնութեան արժանացաւ «Սէյիտէթ ալ-Նաճաթ» եկեղեցւոյ խումբը: Յաղթող խումբին եւ մասնակից խումբերուն բաժնուեցան մրցանակներ եւ յուշանուէրներ:

Մրցանակները յանձնեցին Գաբրիէլ վրդ. Սարգիսեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, անդամները եւ ՀՄԸՄ-ի ատենապետը: