Սպիտակի Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին «30 Տարի Անց» Խորագիրով Փառատօն Պիտի Իրականացուի

Այլեւայլ, Հայաստան

Երեւանի պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, Դեկտեմբեր 1-ին պիտի մեկնարկէ «30 տարի անց» միջազգային փառատօնը` նուիրուած 1988 թուականին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ փառատօնին ծիրէն ներս, աշխարհի տարբեր անկիւններէ Գիւմրի պիտի ժամանեն յայտնի երաժիշտներ, արուեստագէտներ:

Պիտի իրականացուի միջազգային գիտաժողով՝ «Հայաստանի համախմբող դերը համաշխարհային տիրոյթէն ներս» խորագիրով: Գիտաժողովին ներկայ պիտի ըլլան հանրածանօթ գիտնականներ եւ արուեստագէտներ: Պիտի իրականացուին համերգային ծրագիրներ, վարպետութեան դասեր, կլոր սեղաններ: Պիտի մասնակցին մանկավարժներ, քաղաքական գործիչներ, պատմաբաններ, նշանաւոր գրողներ, գրականագէտներ: