Նախընտրական Մաղթանքներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Երկուշաբթի օր սկիզբ առաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախընտրական քարոզարշաւը: Կը մաղթեմ, որ այս քարոզարշաւը ըլլայ իսկապէս գաղափարներու եւ ծրագիրներու մրցակցութիւն: Մասնակիցները հասկնան, թէ այսօրը վաղուանը պիտի կառուցէ, եւ ոչ թէ այսօրուանը քանդելով՝ վաղուան յաղթանակի ճամբայ պիտի հարթէ:

Կը մաղթեմ, որ այս քարոզարշաւը ըլլայ քաղաքական հայեացքներու բախում, եւ ոչ թէ անհատականութիւններու, անհատական թէ հաւաքական «ես»երու բախում: Տալ ժողովուրդին առիթը դիմակներէ անդին անցնելու եւ միտքերը հասկնալու, զանազանելու:

Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւին ընթացքին ժողովուրդը դիտարկուի որպէս գլխաւոր դատաւոր եւ իրաւատէր, եւ ոչ թէ որպէս բան սորվելու հրաւիրուած աշակերտութիւն: Քաջալերուի իւրաքանչիւր քաղաքացիի անկաշկանդ տեղեկանալու եւ ընտրելու իրաւունքը՝ ինչ ալ ըլլան անոր նախասիրութիւնները: Նոյնիսկ իր սխալներուն մէջ, ժողովուրդը անսխալական է:

Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւի մասնակից թեկնածուները մրցին իրենց հեզութեամբ եւ համեստութեամբ՝ եւ ոչ գոռոզութեամբ ու աստուածային շնորհքներ բաժնողի հոգեբանութեամբ: Յախուռն քննարկումներն ու առաջադրանքներն անգամ կրնան եւ պէտք է մնան յարգանքի եւ պատշաճութեան սահմաններուն մէջ:

Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւին մէջ տիրական ըլլան՝ բանականութիւնը, հանդարտաբարոյ երկխօսութեան կանոնները, եւ ոչ թէ անտառի օրէնքներն ու ցեխարձակումները: Քարոզարշաւը ինքնին ընդունիլ որպէս միջոց եւ գործընթաց առողջ քաղաքական եւ նաեւ ընկերային հասարակութիւն ստեղծելու համար: Նոյնիսկ եթէ ուրիշ մը ընտրուի, հասկնալ թէ ան մրցակից է, այլ ոչ թշնամի:

Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւի իւրաքանչիւր մասնակից հասկնայ, որ ինք ազգի ու ժողովուրդի զինուորն է ու կը պատրաստուի ըլլալ անոր ծառան, ոչ թէ անոր ուսուցիչը, հրամանատարը, կամ իշխանը:

Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւի մասնակիցները ընդունին որ շատ հաշտ կերպով կը համադրուին համամարդկային եւ ազգային իտէալները, եթէ անոնք առողջ են եւ հարազատ: Լաւ հայ չի կրնար ըլլալ առանց լաւ մարդ ըլլալու:

Կը մաղթեմ, որ բոլոր մասնակիցները՝ որպէս իրենց գլխաւոր կիզակէտ ունենան ազգի հեռահար տեսլականներն ու իրաւունքները: Հասկնան, թէ իսկական ժողովրդավարական եւ սոցիալական արդարութեամբ օժտուած Հայաստանի մէջ է հայ ազգի հզօրութիւնը:

Կը մաղթեմ, որ քարոզարշաւին մասնակցողները իւրացնեն այն անսակարկելի հաւատամքը՝ որ հայը մէկ է եւ միակամ, երբ խնդիրը Հայաստանի ու հայութեան անվտանգութեան կը վերաբերի, հայը մէկ է եւ միակամ, երբ նպատակը իսկապէս ազատ, գերազանցապէս անկախ եւ ամբողջականօրէն միացեա՛լ Հայաստանն է:

Վերջապէս, չնայած թէ ո՛ր քաղաքական ուժերը կամ թեկնածուները յաջողած դուրս գան այս ընտրարշաւէն, կը մաղթեմ, որ Հայաստանը, Հայ ազգը եւ Հայ մարդը անկէ դուրս գան յաղթանակած՝ աւելի հզօր, աւելի ժողովրդավար ու աւելի ամրակայուած՝ քան երբեւէ: