ԵՄ-ն Հայաստանէն Կ՛ակնկալէ «Ընդգրկուն եւ Թափանցիկ» Ընտրութիւններ

Հայաստան

Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ, որ Դեկտեմբեր 9-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւնները ըլլան արժանահաւատ, ընդգրկուն եւ թափանցիկ:

Այդ մասին ըսուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ՝ Նոյեմբեր 27-ին Երեւանի մէջ կայացած ԵՄ-ՀՀ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով (ՀԸԳՀ) նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան Գործընկերութեան կոմիտէի անդրանիկ նիստի արդիւնքներով:

Հանդիպման ընթացքին ԵՄ-ն վերահաստատած է իր աջակցութիւնը ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու գործընթացին եւ ընդգծած, որ ՀԸԳՀ իրականացումը պիտի հանդիսանայ երկրին մէջ բարեփոխումներու եւ արդիականացման հիմնական գործիք, պիտի օգնէ ԵՄ ներդրումներու ներգրաւման, պիտի խթանէ Եւրոմիութեան հետ փոխանակումները եւ յստակ օգուտներ պիտի ապահովէ ինչպէս ԵՄ, այնպէս ալ ՀՀ քաղաքացիներուն համար:

 «Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու  հիմնական գործընկերը` աջակցութիւն տրամադրելով այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդումը, տնտեսական զարգացումը, մասնաւոր հատուածի եւ ենթակառուցուածքային ներդրումներու ֆինանսաւորման հասանելիութիւնը»:

 Գործընկերութեան կոմիտէի նիստի ընթացքին քննարկուեցաւ ՀՀ կառավարութեան կողմէ կազմուած ՀԸԳՀ իրականացման ճանապարհային քարտէզի նախագիծը․․․:

Հայաստան եւ ԵՄ համաձայնեցան շարունակել քաղաքացիներու շարժունակութեան խթանումը Մուտքի արտօնագիրներու դիւրացման եւ Հետընդունման մասին համաձայնագիրներու միջոցով եւ պատեհ ժամանակին դիտարկել Մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկը` պայմանով, որ լաւ կառավարուող եւ անվտանգ շարժունակութեան պայմանները առկայ ըլլան:

«Գործընկերութեան կոմիտէն անդրադարձաւ Դեկտեմբեր 9-ին նախատեսուած Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն: ԵՄ կ՛ակնկալէ արժանահաւատ, ընդգրկուն եւ թափանցիկ ընտրութիւններ: ԵՄ եւ անոր անդամ պետութիւնները կը տրամադրեն առարկայական աջակցութիւն ընտրական գործընթացներուն, ներառեալ` ընտրողներու նոյնականացման սարքաւորումներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ ընտրողներու մասնակցութեան եւ դիտարկման օժանդակող միջոցներ:

«Հայկական կողմը ընդգծեց իրապէս ազատ եւ արդար ընտրութիւններ իրականացնելու իր յանձնառութիւնը, որ ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդէ երկրին մէջ խաղաղ ժողովրդավարական փոխակերպումները»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: