Այստեղ եմ Հայ Ժողովուրդի Անունով Երախտագիտութեան Խօսք Ըսելու․ Նախագահ Սարգսեանը Այցելած է Գերմանական Կարմիր Խաչ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ Նոյեմբեր 27-ի երեկոյեան այցելած է Գերմանական Կարմիր խաչի կազմակերպութեան Պեռլինի կեդրոնակայան։

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ գերմանական Կարմիր խաչը, որ մարդասիրական աջակցութիւն կը տրամադրէ ողջ աշխարհին՝ բնական աղէտներէ եւ զինուած հակամարտութիւններէ տուժած գօտիներուն, Հայաստանի մէջ գործունէութիւն սկսիլ ծաւալել 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք: Կազմակերպութիւնը աշխուժօրէն մասնակցած է ինչպէս փրկարարական աշխատանքներուն, այնպէս ալ ծաւալուն եւ բազմաբնոյթ աջակցութիւն ցուցա­բերած է երկրաշարժէն տուժած բնակչութեան՝ համագործակցելով Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան հետ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Գերմանական Կարմիր խաչի նախագահ Կերտա Հասսելֆելտթի հետ, շնորհակալութիւն յայտնած հայ ժողովուրդին համար այդ ծանր փուլին օգնութեան բարեկամական ձեռք մեկնելու համար։

Կազմակերպութեան աշխատակիցներու հետ հանդիպման ընթացքին՝ Հանրապետութեան նախագահը, խօսելով 30 տարի առաջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժի ծանր հետեւանքներուն, մարդկային կորուստներուն, անօթեւան մնացած մեծաթիւ բնակչութեան մասին, նշած է․ «Այս բոլորը շատ տխուր է եւ ողբերգական։ Բայց այս 30 տարուան մէջ կայ նաեւ շատ մարդկային, ջերմ պատմութիւն։ Պատմութիւն մարդկային սիրոյ, հոգատարութեան, ուշադրութեան եւ անտարբերութեան բացակայութեան մասին։ Մենք՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ողջ աշխարհի մէջ ապրող հայերս երբեք չենք մոռնար այն ջերմութիւնը, ուշադրութիւնը եւ մարդկային վերաբերմունքը, որ մեր բարեկամները ողջ աշխարհէն ու նաեւ այս հրաշալի երկրէն ցուցաբերեցին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ։ Կ՝ուզեմ վստահ ըլլաք, որ իւրաքանչիւր հայի սրտին մէջ այդ խորին շնորհակալութիւնն ու յարգանքը կայ։ Ասոնք պարզապէս գեղեցիկ բառեր չեն․ վերջերս Գիւմրիի մէջ էի, եւ այդ շնորհակալութիւնը նկատեցի ոչ միայն աւագ սերունդին մէջ, այլեւ անոնց, որոնք երիտասարդ են, որոնք չեն տեսած երկրաշարժը իրենց աչքերով, բայց պատմութիւնը իրենց մէջ է եւ իրենց մէջ կը կրեն նաեւ այն շնորհակալութիւնը, որ ծնողները փոխանցած են։ Այնպէս որ, ես այստեղ եմ՝ ոչ միայն իմ, այլեւ ողջ հայ ժողովուրդի անունով շնորհակալութեան խօսքեր ըսելու համար»։

Ձեռնարկին ընթացքին, նախագահ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներ եւ յուշանուէրներ յանձնած է Գերմանիոյ Կարմիր խաչի շարք մը աշխատակիցներու։ Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքներուն վերացման աշխատանքներուն ցուցաբերած գործուն մասնակցութեան եւ բարեգործական անխոնջ գործունէութեան համար՝ Գերմանիոյ Կարմիր խաչի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Եոհաննէս Ռիխտեր պարգեւատրուած է Մխիթար Հերացիի մետալով, Գերմանիոյ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչներ Զիկֆրիտ Հեթմանշպըրկըր եւ Քառլ-Հայնց Շայտէն՝ երախտագիտութեան մետալով:

Դիմելով կազմակերպութեան նախագահ Կերտա Հասսելֆելտթին՝ նախագահ Սարգսեան խնդրած է իր շնորհակալութեան խօսքը փոխանցել Գերմանական Կարմիր խաչի բազմահազար մասնակիցներուն, բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակը, կեանքը եւ սէրը կը ներդնեն՝ ուրիշի դժուարութիւնը յաղթահարելու համար։

Ձեռնարկի աւարտին, Գերմանական Կարմիր խաչի նախագահ Կերտա Հասսելֆելտթը Հայաստանի նախագահի տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանին յանձնած է Գիւմրիի «Պեռլին» դարմանատան վերանորոգման աշխատանքներու համար նախատեսուած 10 հազար եուրօ գումարի նուիրատւութեան կտրօնը:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նուիրատւութեան համար եւ աւելցուցած, որ Գիւմրիի «Պեռլին» դարմանատան վերանորոգման համար ճիշդ նոյն գումարի չափով նուիրատւութիւն պիտի ըլլայ նաեւ իր կողմէ՝ իբրեւ երկու ժողովուրդներու իսկական բարեկամութեան արտայայտութիւն եւ աւելի մեծ ծաւալի աշխատանքներ կատարելու հնարաւորութիւն։