Ղարաբաղի Հարցը Լուծողը Ժողովուրդն է. Փաշինեանը Պատասխանած է Դաւիթ Շահնազարեանի Յայտարարութեան
Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կը լուծուի այնպէս, ինչպէս կը կամենայ ժողովուրդը։ Այս մասին, Ստեփանաւան քաղաքին մէջ, «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի նախընտրական հանրահաւաքին ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար, դաշինքի նախընտրական ցուցակի առաջին թիւ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով Դաւիթ Շահնազարեանի յայտարարութեան։
«Ես ՀՀ առաջին ղեկավարն եմ, որ ըսած է հետեւեալը՝ Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար եւ իշխանութիւն չի կրնար լուծել Ղարաբաղի հարցը, որովհետեւ Ղարաբաղի հարցը լուծողը ժողովուրդն է։ Եթէ ըլլայ լուծման այնպիսի առաջարկ, որ իմ կարծիքով ընդունելի կ՝ըլլայ, ես այդ առաջարկը կը քննարկեմ ժողովուրդին հետ»,- ըսած է Փաշինեան։
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ԼՂ դիրքորոշումը կրնայ ներկայացնել միայն Արցախի իշխանութիւնը։
«ԼՂ հարցով Ղարաբաղի դիրքորոշումը կրնայ ներկայացնել միայն Ղարաբաղի իշխանութիւնը, ես ու Հայաստանի այլ ղեկավարներ կրնանք բանակցիլ միայն ՀՀ անունով։ Ես հրաւիրած եմ Արցախի ղեկավարութիւնը, զինուած ուժերու ողջ հրամանատարական կազմը, քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչներն ու բոլոր մանրամասներով ներկայացուցած եմ մինչեւ հիմա գոյութիւն ունեցող բանակցային գործընթացի բոլոր հանգամանքները։ Որքան շատ մարդ տիրապետղ Ղարաբաղի հարցի բանակցային գործընթացին, այնքան աւելի լաւ, որովհետեւ այդտեղ չի կրնար գաղտնիք ըլլալ զինուած ուժերու, դիւանագիտական հատուածի ու, որոշ նրբութիւններ հաշուի առնելով, նաեւ ժողովուրդի համար։ Նախապէս նման հանդիպում չէ եղած։
Փաշինեան նաեւ անդրադարձած է զիջումներու դիմելու մասին հարցին։
«Հրապարակաւ քանի մը անգամ ըսած եմ, որ անընդունելի է, երբ միջազգային ներկայացուցիչները կու գան ու կը հարցնեն՝ Հայաստանը պատրա՞ստ է զիջումներու։ Ըսած եմ, որ Հայաստանը այդ հարցին կը պատասխանէ, երբ միջազգային հանրութիւնը նոյն հարցը կու տայ Ատրպէյճանին»,- ըսած է Փաշինեան։
Նշենք, որ ՀՀԿ նախընտրական ցուցակի ներկայացուցիչ Դաւիթ Շահնազարեան յայտարարած է, թէ Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը Արցախի համար աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնեն, քան Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, եւ Արցախի փոխարէն՝ իշխանութիւն կ՝ուզեն։
