ՀՀ Նախագահի Տիկին Նունէ Սարգսեան Այցելած է Վարշաւայի «Հայկական Պուրակ»

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեան այցելած է Վարշաւայի «Հայկական պուրակ», ծաղիկներ խոնարհած հայկական խաչքարին: 2013 թուականէն Վարշաւայի քաղաքային խորհուրդին որոշումով՝ ի նշան հայ-լեհական դարաւոր բարեկամութեան՝ պուրակը կը կրէ «Հայկական պուրակ» անուանումը:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանրապետութեան նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեան այցելած է նաեւ Վարշաւայի համալսարանի գրադարան: Գրադարանի աշխատակիցներուն հետ հանդիպման ընթացքին՝ տիկին Սարգսեանը առաջարկած է քայլեր ձեռնարկել գրադարանին մէջ առկայ հայկական բաժինը համալրելու ուղղութեամբ, իրականացնել երկու երկիրներու գրադարանավարներու փոխանակման ծրագիր:

Համաձայնութիւն եղած է հետեւողական աշխատանքներ տանիլ յետագայ համագործակցութեան ծրագիրներու կեանքի կոչման նպատակով:

Վարշաւա այցին ծիրէն ներս՝ Հանրապետութեան նախագահի տիկինը այցելած է Վարշաւայի յայտնի թանգարաններէն մէկը՝ Թագաւորական պալատ: Տիկին Սարգսեանին ներկայացուած է թանգարանի պատմութիւնը, ան շրջած է սրահները, ծանօթացած թանգարանի մշտական ցուցադրութեան մաս հանդիսացող հայկական գորգերու ցուցադրութեան:

Հանրապետութեան նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեան այցելած է նաեւ Վարշաւայի Զինուորական պանթէոնին մէջ գտնուող՝ Լեհաստանի Անյայտ Զինուորի խորհրդանշական մօր՝ հայ Եատվիկա Զարուկեւիչի շիրիմ, յարգանքի տուրք մատուցած անոր յիշատակին: