ՀՀ Նախագահը Պաշտօնական Այցով Գերմանիա Մեկնած է
Մեկնարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի պաշտօնական այցը Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն: Այս մասին գրած է ՀՀ նախագահի օգնական Յասմիկ Պետրոսեան՝ դիմատետրի իր էջին:
Յիշեցնենք, որ այցին ծիրէն ներս՝ Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ ԳԴՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան՝ վարչապետ Անկելա Մերքելի, նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի, Ազգային ժողովի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ: Հանդիպումներուն քննարկումներու առանցքին պիտի ըլլան երկու երկիրներու փոխգործակցութեան օրակարգին եւ հեռանկարներուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:
Պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ նախագահը պիտի այցելէ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամաս, ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը երկրամասի կառավարութեան ղեկավար Ռայներ Հազելոֆի հետ:
Հայաստանի նախագահի պաշտօնական այցին օրակարգը կը ներառէ նաեւ այցելութիւններ ԳԴՀ շարք մը գիտակրթական եւ ճարտարագիտական հաստատութիւններ: Արմէն Սարգսեան դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գայ «Պերթելսման» հիմնադրամին մօտ, Օտտօ ֆօն Կուերիգէի համալսարանին մէջ:
